Ժայռաքանդակ Խաչքար Մը Կը Յայտնաբերուի Տերսիմի Մէջ

Dersim-KhachkarՊոլիսէն տէրսիմցի Կարօ Օլկար կը տեղեկացնէ, թէ նոյեմբերի ընթացքին Տէրսիմի Մազկիրտ քաղաքի մօտակայ Վէնք (Վանք) գիւղի եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ գտնուած է հազուագիւտ խաչքար մը, որ քանդակուած է 6 մեթր բարձրութեամբ ժայռի մը վրայ:

Նշենք, որ Հանաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրեակին Տէրսիմի նահանգը ունէր 200 հազար բնակիչ, որուն 40 առ հարիւրը հայեր էին, իսկ 60 առ հարիւրը գըզըլպաշ ալեւիներ: Այսօր նահանգին անունը փոխուած է Թունչելիի եւ բնակչութեան թիւը կը կազմէ 80 հազար:

Ըստ տարբեր տուեալներու` Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Տէրսիմի գըզըլպաշ ցեղախումբերու մօտ ապաստան գտած են 20-25 հազար հայեր: 1915-էն առաջ Տէրսիմի մէջ եղած է 107 եկեղեցի եւ 50 վանք:

Share this Article
CATEGORIES