«Արեւմտեան Պետութիւնները Իրենց Կը Ծառայեցնէին Օսմանեան Շրջանի Փոքրամասնական Վարժարանները»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Հապեր 3» լրատու կայքէջի վրայ կը գտնենք լրատուութիւն մը, որ դարձեալ կը քրքրէ հին հաշիւներ եւ օսմանեան շրջանի երբեմնի փոքրամասնական դպրոցները կը դնէ կասկածելի հաստատութիւններու շարքին մէջ: Լուրը հետեւեալն է.
Մալաթիոյ նահանգի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան հետազօտողներէն Վահապ Պեկեչ բանախօսութիւն մը տուաւ Գուպիլայ լիսէի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն ուղղեալ: Բանախօսութեան նիւթն էր` «Հայկական խնդրի մէջ միսիոնարներու եւ օտար վարժարաններու ազդեցութիւնը»: Վահապ Պեկեչի համաձայն, արեւմտեան երկիրներ օսմանեան պետութեան վրայ իրենց ուժն ու ազդեցութիւնը զօրացնելու համար իրենց պաշտպանութեան տակ առին ոչ իսլամները եւ զանոնք ուզեցին գործածել իրենց նպատակներուն եւ շահերուն ի նպաստ: Արեւմուտքի կայսերապաշտ երկիրներուն այս քաղաքականութիւնը իր ծուղակին մէջ կ՛առնէր օսմանեան պետութենէն բաժնուիլ ուզող ոչ իսլամները, քանի որ անոնց քաղաքական, տնտեսական եւ կրօնական նպատակներուն զուգահեռ կերպով կը գործէր: Արեւմտեան պետութիւնները հիմնեցին օտար վարժարաններ եւ ապահովեցին ամէն տեսակ օժանդակութիւն, որպէսզի փոքրամասնութեան այդ վարժարաններէն ներս, ուսուցման առընթեր ստեղծուի նաեւ իրենց նպատակներուն ծառայելու պատրաստ սերունդներու մթնոլորտ: Այս կերպով արեւմտեան պետութիւնները իրենց ազդեցութեան տակ առած էին յոյները, հայերը եւ հրեաները:
Իբրեւ արդիւնք` ֆրանսացիները օգնեցին կաթողիկէ վարժարաններուն, անգլիացիները` հայ բողոքական վարժարաններուն, ռուսերը` ուղղափառ վարժարաններուն, ամերիկացիները` հայ բողոքական վարժարաններուն, Յունաստան` յունական վարժարաններուն:
Պեկեչ իր մեկնաբանութիւնները այս ուղղութեամբ շարունակելով` ըսաւ.
«Արեւմտեան երկիրներուն նպատակն էր այս դպրոցներուն միջոցով փոքրամասնութիւններու ազգային զգացումներն ու գիտակցութիւնը արթնցնել եւ ապահովել, որ անոնք փրթին օսմանեան պետութենէն, ոչ քրիստոնեաները քրիստոնեայ դառնան, քրիստոնեաները չմոռնան իրենց կրօնական ինքնութիւնը, նաեւ իրենց կրօնին կողմնակիցներ գտնեն, օսմանեան պետութեան առեւտուրը, ճարտարարուեստը եւ տնտեսութիւնը իրենց մենաշնորհը դարձնել, մեծ թիւով քրիստոնեայ կրօնաւոր հասցնել եւ անոնց միջոցով մահմետական թուրքերն ալ փրցնել իրենց ինքնութենէն եւ կրօնէն: Արեւմտեան պետութիւնները բոլոր այս միջոցներով կը ջանային օսմանեան պետութիւնը առնել իրենց նպատակներուն եւ շահերուն շրջագծին մէջ:

