«Գթասրտութեան Եւ Վերապրումի Քոյրեր` Հայ Հիւանդապահուհիներ, 1900-1930»
Կարին Սաղտճեան «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կայքէջի անգլերէն ենթաբաժինին մէջ ունի գրախօսական մը` Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի գիրքին մասին: Սաղտճեան կը գրէ, որ հայ հիւանդապահուհիներու Մեզիրէի (ներկայիս` Էլազիկ) մէջ Անի Թրէյսի Ռիկզի յիշատակի հիւանդանոցին մէջ հայ հիւանդապահուհիներու 1921-ի թուակիր լուսանկար մը եւ Քանատայի Օնթարիօ նահանգի Համիլթըն քաղաքին մէջ 24 ապրիլի ոգեկոչման մանկութեան յիշատակ մը պատմաբան Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլը մղած են գրելու իր «Գթասրտութեան եւ վերապրումի քոյրեր` հայ հիւանդապահուհիներ, 1900-1930» խորագիրով գիրքը, որ հրատարակուած է 2012-ին, Անթիլիասի մէջ, Լիբանան:
Գիրքը կը կեդրոնանայ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ եւ ետք Օսմանեան կայսրութեան, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արեւմուտքի կազմակերպութիւններու ղեկավարութեամբ բժշկական հիմնարկներու մէջ հայ հիւանդապահուհիներու դերակատարութեան վրայ:
Գիրքը մանրամասն կերպով կը հետազօտէ Օսմանեան կայսրութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան հիւանդանոցներու ցանցի կազմութիւնը եւ գործունէութիւնը:
Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ աւելի քան 15 արխիւներ եւ 5 լեզուներով փաստաթուղթեր օգտագործելով` Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կը ներկայացնէ այն պատմական շրջագիծը, որուն մէջ վերոնշեալ հիմնարկները հաստատուած էին, ինչպէս նաեւ այդ հիմնարկներու գործունէութեան եւ հայկական մարդասիրական կազմակերպութիւններու թափած ջանքերուն մասին մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ:
Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կը նշէ, որ հայկական բժշկութիւնը սկիզբ առած է Միխիթար Հերացիի օրերուն, իսկ18-19 դարերուն Արեւմուտքի մէջ ուսում ստացած հայ բժիշկներ սուլթաններու անձնական բժիշկներն էին եւ նորագոյն դարմանումի ձեւերը կը կիրարկէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Միսիոնարներու կողմէ դարմանատուներու բացումէն շատ առաջ հայերը կառուցեցին հիւանդանոցներ, ուր հայ կիներ ծառայեցին իբրեւ հիւանդապահուհիներ, ինչ որ նկատառելի յառաջդիմութիւն մըն էր` ի բաղդատութիւն թուրք կիներու, որոնց համար արեւմտեան դաստիարակութեամբ հիւանդապահութեան ուսուցումները սկսան 1920-ական թուականներու վերջաւորութեան:
Այդ բժշկական կեդրոններն ու անոնց անձնակազմը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին ստիպուեցան ծառայել թրքական բանակին մէջ եւ հետագային հոգ տարին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն:
Պատերազմի ընթացքին ամերիկեան մարդասիրական «Նիր Իսթ Ռըլիֆ»-ը (Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց) սկսաւ սննդեղէն, պատսպարան եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցել հայ որբերու եւ գաղթականներու: Հայ հիւանդապահուհիները անգամ մը եւս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Սեբաստիոյ, Այնթապի, Հալէպի եւ Խարբերդի մէջ ՆԻՌ-ի հիւանդանոցներուն եւ որբանոցներուն մէջ:
Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կը ներկայացնէ 1920-1924-ին Հայաստանի մէջ համաճարակներու դէմ պայքարելու եւ որբերը պատսպարելու աշխատանքին մէջ ՆԻՌ-ի հսկայական դերակատարութիւնը: Թերեւս ՆԻՌ-ի ամէնէն կարեւոր դերակատարութիւնը 1920-1923-ի միջեւ 22 հազար հայ որբեր Թուրքիայէն դուրս բերելն էր:
Ան կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը արմատական փոփոխութեան ենթարկեց հիւանդապահութեան նկատմամբ աւանդական մօտեցումները: Հիւանդապահութիւնը այլեւս նուաստացուցիչ գործ մը չէր, այլ` ազգի մնացորդացին վերապրումին համար կենսական գործ մը: Մեզիրէի «Էյ.Թի.Առ»-ի եւ Գիւմրիի «Ուինչեսթըր» հիւանդապահուհիներու պատրաստութեան դպրոցներու մէջ ծրագիրները վերսկսան: Ըստ գրքի հեղինակին, վերջինս Հայաստանի մէջ հիւանդապահուհիներու պատրաստութեան արեւմտեան ոճի առաջին դպրոցն էր:
Գաբրիէլեան-Չըրչիլ լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայկական մարդասիրական կազմակերպութեանց, մասնաւորաբար Հայ կարմիր խաչի (Հայ օգնութեան միութեան), Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայ պետական խաչի (ձախակողմեան, խորհրդայիններուն մօտիկ) գործունէութիւնները:
Գաբրիէլեան-Չըրչիլ գիրքի վերջաւորութեան «Էյ.Թի.Առ»-ի մէջ հայ հիւանդապահուհիներու հակիրճ կենսագրականները կը ներկայացնէ: Գիրքի 12 գլուխներուն մէջ կարելի է գտնել պատմական խօսուն եւ հազուագիւտ լուսանկարներ, որոնք հայ կիներու հիւանդապահութեան պատմութիւնը կը պատմեն:
Գիրքը կը վերակենդանացնէ ժրաջան աշխատանք տանող հայ կիները, որոնք յաճախ մոռացութեան մատնուած են, սակայն հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցած են: