Իսլամացուած Հայերու Մասին Նոր Գիրքեր Թուրքիոյ Մէջ
«Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ը 2 նոր գիրքեր հրատարակած է` «Սուրէն փրկուածները. Թուրքիոյ ծպտեալ եւ իսլամացուած հայերը» եւ «Մարտինեան ծանուցումներ» խորագիրներով:
Տինքի այրին` Ռաքել Տինք, «Թայմթուրք» լրատուական կայքէջին վրայ հրապարակուած յօդուածին մէջ ներկայացուցած է 2 գիրքերը:
«Սուրէն Փրկուածները. Թուրքիոյ Ծպտեալ
Եւ Իսլամացուած Հայերը»

Լորենս Ռիթըր, իսլամացուած 103-ամեայ Էմինէի հետ
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան մեծ մասին ոչնչացումէն` 1915-էն գրեթէ մէկ դար ետք, լրագրող, ընկերաբան Լորենս Ռիթըր եւ լուսանկարիչ Մաքս Սվազլեան սպաննուած հայերու ողջ մնացած սերունդներուն հետ կապ հաստատելու նպատակով Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ, Պոլսոյ եւ Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ մարդոց հանդիպած են:
Ռաքէլ Տինք մէջբերելով իր ամուսինին «այս երկրին մէջ ողջերու հետ խօսիլը աւելի դժուար է, քան մեռածներու մասին խօսիլը» խօսքը` կը նշէ, որ մինչեւ վերջերս իսլամացուած հայերու թեման թուրքերու, քիւրտերու եւ հայերու մօտ արգիլուած նիւթ եղած է: Այդ թեմայի վերաբերեալ թերեւս միայն ծայրահեղ ազգայնականները խօսած են` այդ ալ փորձելով զանոնք քաղաքական դաւադրութիւններու մաս ներկայացնել: Ըստ որոշ ուսումնասիրողներու, այսօր դաւանափոխ հայերու թիւը մէկ միլիոն եւ թերեւս աւելի է, սակայն անոնց իրական պատմութիւնը գրեթէ բացայայտուած չէ:
Ո՞վքեր են այդ մարդիկը, ինչպէ՞ս կ՛ապրին, ի՞նչ դժուարութիւններէ կ՛անցնին, ի՞նչ կը զգան, ինչպէ՞ս իրենք զիրենք կը ներկայացնեն: Այս գիրքը վերոնշեալ հարցերուն պատասխանները կը պրպտէ: Մէկ բան յստակ է. անոնք երբեմն հայ են, երբեմն թուրք, երբեմն քիւրտ, երբեմն քրիստոնեայ, երբեմն իսլամ եւ երբեմն` այդ բոլորը միասին կամ ալ անոնցմէ ոչ մէկը:
Սուրէն փրկուածները նոր ճեղք կը բանան լռութեան պատին վրայ, որ սկսած է ցնցուիլ:
«Մարտինեան Ծանուցումներ»
Այս գիրքը կազմուած է յօդուածներէ, որոնք բազմակողմանի քննութեան կ՛ենթարկեն Մարտին քաղաքը, որ տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու բնօրրանը եղած է:
Գիրքին մէջ կը քննուին պետական քաղաքականութեան ազդեցութիւնը շրջանին վրայ, մշակութային, առօրեայ կեանքը, տնտեսութիւնը, ազգամիջեան եւ կրօնական բախումները, շուրջ մէկդարեայ տեւողութեամբ` թանզիմաթեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ հանրապետական միակուսակցական վարչակարգի 15 տարիները (1838-1938 ընդգրկուող ժամանակահատուած):
«Այս հողերուն վրայ բազմաթիւ ժողովուրդներ, լեզուներ, մշակութային թաղամասեր ոչնչացուեցան, եւ որքան շատ կ՛ոչնչացուէին, այնքան այդ հին քաղաքակրթութեան օրրանը անապատի կը վերածուէր, առատութիւնը, սէրն ու ուրախութիւնն ալ միասին հեռացան: Լեզուները չքացան, այստեղի կեանքն ալ լռեց», գիրքին մասին կը յայտնէ Ռաքէլ Տինք: