Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Առօրեայէն

Առաջնորդ Հօր Այցելութիւնը

Apkarian1_1712Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ին, կ. ա. ժամը 10:00-ին, Լիբանանի Թեմի առաջնորդ Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան, իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Ազգ. Աբգարեան վարժարան` ընկերակցութեամբ Ազգ. Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ` տոքթ. Յակոբ Եագուպեանի եւ գործավար օրդ. Մարալ Անթոյեանի:

Առաջնորդ հայրը դպրոցի մուտքին ընդունեցին դպրոցին տնօրէնը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղականութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձուներն ու Ծնողական խորհուրդի անդամները:

Տեսչարանի մէջ կայացած կարճ հանդիպման ընթացքին Ազգ. Աբգարեան վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիեմեզեան, զեկուցեց դպրոցի անմիջական աշխատանքներուն մասին: Այցելելէ ետք մանկապարտէզի դասարանները առաջնորդ սրբազանը բարձրացաւ սրահ, ուր նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը` խմբերգներով եւ ասմունքով:

Այնուհետեւ հայրական իր պատգամը տալու հրաւիրուեցաւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ նպատակն է Ազգ. Աբգարեան վարժարան եւ այլ ազգային վարժարաններ այցելութեան` ծանօթանալ մեր աշակերտութեան աշխատանքին եւ մթնոլորտին, որպէսզի իրազեկ պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը`  Լիբանանի ազգային վարժարաններու գործունէութեան մասին: Անդրադառնալով գեղարուեստական յայտագիրին` ան ըսաւ, որ աշխատանքի մը արդիւնք է աշակերտներուն ներկայացուցածը եւ թելադրեց յարատեւ աշխատանք: Ան տնօրէնին, ուսուցիչներուն մաղթեց ուժ եւ կորով, քաջառողջութիւն, իրենց վստահուած ազգանուէր աշխատանքը առաւելագոյնս արդիւնաւորելու համար: Ուղղելով իր խօսքը աշակերտներուն` ան ըսաւ, թէ այս այցելութեան պիտի յաջորդեն այլ այցելութիւններ, մօտէն հետեւելու համար անոնց աշխատանքին:

Առաջնորդ հայրը անմիջական իր հարցումներով դիմեց աշակերտներուն, որոնք  ունէին մանկական միամիտ պատասխաններ:

Յիշատակի նկարով` իր աւարտին հասաւ առաջնորդ հօր անդրանիկ այցելութիւնը Ազգ. Աբգարեան վարժարան:

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանը
Դեկտեմբերեան Ցուրտին

Վարժարանին նախատեսած  երկու ձեռնարկները  զուգադիպեցան «Ալեքսա» Լիբանան ժամանումին: Տարուան ամենացուրտ օրերուն, կրթութեան նախարարութեան իսկ որոշումով դպրոցները պիտի մնային փակ, մինչ ձեռնարկներու հրաւէրները յղուած էին աջ ու ձախ եւ նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները` իրենց լրումին հասած: Խոհեմութիւնը կը թելադրէր` մոռնալ կազմակերպչական մանրամասնութիւնները եւ յետաձգել անորոշ թուականով զոյգ ձեռնարկները:

Բարեբախտաբար Ծնողական խորհուրդը համամիտ գտնուեցաւ իրագործելու Կաղանդի առիթով ծրագրած նախաճաշի իր ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենար հինգշաբթի 12 դեկտեմբեր 2013-ին: Աւելի քան հարիւր հրաւիրեալներու ներկայութիւնը քաջալերական էր: Կաղանդ պապան եւ իր անակնկալները, Ծնողական խորհուրդին պատրաստած համադամ ուտեստեղէններ եւ ջերմ մթնոլորտը մոռացութեան մատնեցին դուրսի ցուրտը եւ ձեռնարկը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:

Յաջորդ օր` 13 դեկտեմբեր 2013-ին մսուրի բացման հանդիսութիւնն էր, որուն յայտարարութիւնը բազմիցս կրկնած էր «Վանայ Ձայն»-ը: Տեղատարափ անձրեւը յուսադրիչ չէր:

Apkarian2_1712Երեկոյեան ժամը 7:00-ին դպրոցին բակին մէջ ներկայ էին հրաւիրեալները, ծնողները, աշակերտները: Յայտագիրը սկսաւ ըստ Աւետարանի Յիսուսի ծնունդի պատմութեամբ, Իրմա Տէտէեանի ձայնով: Թաղականութեան, հոգաբարձութեան, Ուսումնական խորհուրդի, Ծնողականի ներկայացուցիչներու ձեռամբ տեղադրուեցան կերպարները մսուրին մէջ, ու աստիճանական լուսաւորումովը մսուրին` տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ բակին մէջ:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանին երգչախումբը ներկայացուց դարերէ ի վեր հնչող Ս. Ծննդեան շարականները, որմէ ետք Ազգ. Աբգարեան վարժարանին երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը Կաղանդի երգեր` ֆրանսերէնով: Խաժակ Խաչատուրեան ջութակով հանդէս եկաւ , որմէ ետք վարժարանին երգչախումբը ներկայացուց Կաղանդի, ՍԾնունդի  երգեր` հայերէնով: Սարին Փոլատեանի ասմունքը յուզեց ներկաները, որոնք ապրեցան կարօտը ուրախութեան:

Մսուրի բացման հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը իր լրումին հասաւ վարժարանի պարախումբին զոյգ պարերով:

Apkarian1712Վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիեմեզեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիններու  ներկայացուցիչներուն, վարժարանի ուսուցիչներէն Րաֆֆի Պարսամեանին, որ այս ձեռնարկի իրագործման հիմնական պատասխանատուն կը մնայ տարիներէ ի վեր եւ տարուէ տարի առաւել կը գեղեցկացնէ զայն: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սիլվա Տեմիրճեանին, Խաժակ Խաչատուրեանին եւ Սարին Փոլատեանին եւ բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք օժանդակած էին այս ձեռնարկի նախապատրաստութեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ այս առթիւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարողներուն:

Մեծարենցի «Ու կը սպասեմ, որ ծագի հոգւոյս պայծառ կիրակին» ` Կաղանդ ու Ս. Ծնունդ է, ըսաւ ան, որուն կը սպասեն մանուկները` նուէրներու ակնկալիքով, հիւանդները` առողջութեան յոյսով, պանդուխտները` տան երազով:  Մարդիկ իրենց ուրախութիւնը կը սպասեն Ս. Ծնունդի մսուրէն, որ  լոյս է, սէր է եւ յոյս:

Սրտի իր խօսքով Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան, վեր առնելով Ազգ. Աբգարեան վարժարանի ուսուցչական կազմի աշխատանքը, զայն գտաւ իւրայատուկ եւ շնորհաւորեց զանոնք եւ տնօրէնութիւնը, որ դժուար պայմաններու տակ գործելով հանդերձ, կը ջերմացնեն մարդոց հոգիները, օրինակելի իրենց նախաձեռնութեամբ:

Ծնողները իրենց պատրաստած խմորեղէնները հիւրասիրեցին ներկաներուն, որոնք գոհ տրամադրութեամբ, տօնական զգացողութեամբ, երկար մնացին մսուրին ստեղծած խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )