Կաղանդի Ցուցահանդէս – Տօնավաճառ` «Զուարթնոց» Կեդրոնին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երէկ` հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, բացումը կատարուեցաւ Մտքով թերաճ հայ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնի կազմակերպած ամանորեան ցուցահանդէս-տօնավաճառին: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան ու հայկական քայլերգներու ունկնդրութեամբ եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ` Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեանի օրհնութեան աղօթքով:
Ապա «Զուարթնոց»-ի տնօրէն Արաքսի Տապպաղեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները` նշելով, որ այս ձեռնարկը աւանդական հանդիսութիւն մըն է, որ կը շարունակուի տարուէ տարի: Ան անդրադարձաւ «Զուարթնոց»-ի գործունէութեան, իրագործումներուն եւ առաքելութեան, յատկապէս` գաղութի թերաճ մանուկներու վիճակի բարելաւման միտումով: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ նեցուկ կանգնելով մեծապէս սատար կը հանդիսանայ այս կեդրոնի գործունէութեան արդիւնաւորման, յատկապէս երկու տարի առաջ այս կեդրոնի Խալիլ Պետեւիի շրջանէն Պուրճ Համուտ փոխադրուելէն ի վեր: Տապպաղեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով իրագործուեցաւ սոյն ձեռնարկը:
Իր կարգին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վեքիլեան քաղաքապետ Մսըրլեանի անունով վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` զօրակցելու այս կեդրոնի զարգացման ու վերելքի ճիգերու յաջողեցման: «Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հոգայ 32 դպրոցներ ու «Զուարթնոց»-ը այդ դպրոցներու շարքին 33-րդն է, որուն հոգածութիւն պիտի շարունակէ ցուցաբերել քաղաքապետութիւնը», ընդգծեց Վեքիլեան:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին կեդրոնի աշակերտները պարուսոյց Հուրի Գալայճեանի սորվեցուցած հայկական պարերով ելոյթ ունեցան: Նմանապէս` Անայիս Կետիկեան հայկական մեներգներով ջերմացուց մթնոլորտը:

