«ՀԵՀՈՄ-ին 50-ամեակը Առիթ Մը Պէտք Է Դառնայ Աւելի Ծաւալելու Իր Գործունէութիւնը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան` ՀԵՀՈՄ-ի վարչութիւնը, որուն կ՛ընկերանային միութեան նախկին հոգեւոր խորհրդատու Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան եւ ներկայ հոգեւոր խորհրդատու Նշան աբղյ. Լախոյեան:
Անդրադառնալով ՀԵՀՈՄ-ի 50-ամեակին, վեհափառ հայրապետը նախ գնահատեց այդ առիթով տեղի ունեցած հանդիսութիւնն ու ճաշկերոյթը եւ շեշտեց ՀԵՀՈՄ-ը վերակազմակերպելու հրամայականը: Վեհափառը ըսաւ. «Բնականաբար պայմանները փոխուած են, մտահոգութիւնները տարբեր են, մարտահրաւէրները այլազան են ու բազմազան` համալսարանական ուսանողներուն դիմաց: Այս կացութիւնը կը հրաւիրէ ՀԵՀՈՄ-ը վերարժեւորումի ու վերածրագրումի ենթարկելու իր գործունէութիւնը: Նո՛յնը պէտք է կատարեն մեր բոլոր երիտասարդական միութիւնները»:
Անդրադառնալով Լիբանանի համալսարանները յաճախող հայ ուսանողներուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, շուրջ երկու հազար եւ թերեւս աւելի հայ ուսանողներ կը յաճախեն համալսարաններ: Անոնց միայն մէկ երրորդը կապուած է մեր երիտասարդական միութիւններուն. ո՞ւր են միւսները, ինչո՞ւ հեռու են մեր միութիւններէն: Մեր երիտասարդները պէտք է մասնակից դառնան մեր կեանքին: Դիտողի անտարբեր դերին մէջ պէտք չէ ըլլան»: Ապա վեհափառը թելադրեց ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան յատուկ աշխատանք տանիլ` մօտենալու համալսարանական երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք մասնակից դառնան Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան` «իրենց ստացած գիտութեան կողքին լեցուելու ու կազմաւորուելու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով եւ իտէալներով»:

