«Անհրաժեշտ Է Լիբանան Հաստատուած Սուրիահայ Ընտանիքներու Կարիքներուն Յատուկ Ուշադրութիւն Ընծայել» Ընդգծեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

222-1-21Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը:  Տնօրէնը լայն տեղեկութիւններ տուաւ վեհափառ հայրապետին հիմնարկութեան ներկայ գործունէութեան մասին, յատկապէս շեշտելով սուրիահայ ընտանիքներու գծով կատարուած ծառայութիւնը:

Տնօրէնին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանան հաստատուած 1350 սուրիահայ ընտանիքներ արձանագրուած են իրենց մօտ, եւ «Գարակէօզեան» հիմնարկութիւնը կը փորձէ զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսանալ անոնց: Վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք տրուած զեկուցումը, իր գնահատանքը յայտնեց «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան եւ նաեւ այն բոլոր բարեսիրական կառոյցներուն, որոնք իրենց կարելին կը կատարեն օժանդակելու սուրիահայ մեր զաւակներուն: «Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օժանդակութիւնը պէտք է մեր ազգին համար դառնայ առաջնահերթութիւն` ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ մեր բոլոր գաղութներուն մէջ: Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին հսկայ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի սուրիահայութիւնը. հետեւաբար, վերանորոգ թափով պէտք է շարունակել մեր օժանդակութիւնը սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

 

Share this Article
CATEGORIES