7 Երկիր, 41 Աշխատակից, 288 Էջ – «Ազդակ-Բացառիկ 2014»
Աւանդութիւնը կը շարունակուի: «Ազդակ» կը պատրաստուի հրատարակութեան յանձնելու 2014-ի բացառիկ թիւը: Անգամ մը եւս «Ազդակ- բացառիկ»-ին աշխատակցած են «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ սփիւռքեան զանազան երկիրներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Զուիցերիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն «Ազդակ»-ին աշխատակցող մամլոյ գործիչներ:
«Ազդակ» համոզուած է, որ հակառակ տպագիր մամուլի եւ առաւել եւս հայ տպագիր մամուլին առջեւ ցցուած դժուարութիւններուն, այս աւանդութիւնը պէտք է շարունակել: Այս վճիռը կայացուցած են «Ազդակ»-ի խմբագրակազմն ու այն 41 աշխատակիցները, որոնք սատար հանդիսացան այս աշխատանքի իրականացման:
«Ազդակ-բացառիկ»-ի այս կարեւորութիւնը ընդգծեցին Զուիցերիայէն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան, որոնք անգամ մը եւս ստանձնեցին այս հրատարակութեան հովանաւորութիւնը:
Բացառիկի լեզուական սրբագրութիւնները կատարեց «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ մամուլին մէջ կայացած անուն Տիգրան Ճինպաշեան: Բացառիկի խմբագրման եւ հրատարակութեան աշխատանքներու համակարգումը ստանձնեց «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամ Արշօ Պալեան:

