Ըստ Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէին. Թուրքիա Բանտարկուած Լրագրողներու Թիւով Աշխարհի Մէջ Առաջինն Է

CPJԼրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի զեկուցումին մէջ նշուած է, որ աշխարհի մէջ բանտարկուած լրագրողներու թիւով առաջինը Թուրքիան է:

Թրքական «Զաման» օրաթերթին համաձայն, Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն 2013-ին անուանած է լրագրողներու համար ամէնէն վատ երկրորդ տարին:

Զեկուցումին մէջ նշուած է, թէ աշխարհի մէջ բանտարկուած լրագրողներուն թիւով յառաջատարը Թուրքիան է` 40 լրագրող, որուն կը յաջորդէ Իրանը` 35 լրագրող, եւ Չինաստանը` 32 լրագրող:

Կը նշուի, որ աշխարհի մէջ ամէնէն շատ բանտարկուած լրագրողները կը գտնուին նաեւ Վիեթնամի, Եթովպիոյ, Ազրպէյճանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Ուզպեքիստանի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES