«Սուրիական Ընդդիմութեան «Ժընեւ-2»-ին Մասնակցութեան Վերջնական Հաստատում Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Կաթիլով

Կենատի Կաթիլով

Կենատի Կաթիլով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ «մինչեւ հիմա սուրիական ընդդիմութեան «Ժընեւ-2»-ի մասնակից պատուիրակութեան անդամներու անունները չեն ճշդուած»` շեշտելով, որ «ընդդիմադիրները մինչեւ հիմա խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը վերջնական կերպով չեն հաստատած»:

Ժընեւի մէջ նախատեսուած Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ եռակողմ հանդիպումին նախօրեակին Կաթիլով յայտնեց, որ նշեալ հանդիպումին ընթացքին ռուսական կողմը ամերիկացիներուն հարց պիտի տայ, թէ ընդդիմութիւնը որքանո՞վ պատրաստ է մասնակցելու խորհրդաժողովին, ինչպէս նաեւ որոշ անձնաւորութեանց մասին, որոնք խորհրդաժողովին պիտի ներկայացնեն ընդդիմութիւնը:

Ռուս դիւանագէտը աւելցուց, որ «Միացեալ Նահանգներ նախատեսուած խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ցանկին շուրջ իր կեցուածքը մինչեւ հիմա չէ փոխած եւ կը պնդէ, որ Իրան ժողովին մէջ տեղ չունի»: «Մենք տակաւին վստահ ենք, որ Իրանի մասնակցութիւնը կարեւոր հարց է, եւ ատիկա միայն մեր կեցուածքը չէ: Սակայն ամերիկացիներուն կեցուածքը դժբախտաբար չփոխուեցաւ, եւ անոնք Ժընեւի խաղաղութեան խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան կարելիութիւն չեն տեսներ»:

Կաթիլով նշեց, որ որոշուած է խորհրդաժողովին մասնակիցներուն անուանացանկը ներկայացնել 27 դեկտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES