«Շատ Կարեւոր Է, Որ Մեր Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւն Տեղի Չունենայ» Կ՛ըսէ Եանուքովիչ

Վիքթոր Եանուքովիչ

Վիքթոր Եանուքովիչ

Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ դատապարտեց «միջամտութիւնը արեւմուտքցիներուն, որոնք կ՛աջակցին Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը ստորագրելէ ետդարձ կատարելէն ի վեր ցոյց կատարող Եւրոպայի համակիր ցուցարարներուն»:

Ան շեշտեց, որ «շատ կարեւոր է, որ մեր ներքին հարցերուն միջամտութիւն մը չկատարուի»` աւելցնելով, որ «կտրուկ կերպով դէմ եմ անոնց, որոնք մեր երկիրը կու գան` մեզի դասեր տալու համար»:

«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ յայտարարած է, որ Ուքրանիան դրական որոշում պիտի տայ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման հարցին մէջ, եթէ ի յայտ գայ, որ ատոր պայմանները ձեռնտու են Ուքրանիոյ համար:

«Երբ մենք ձեզի հետ պիտի տեսնենք, որ մեզի այդպիսի պայմանները ձեռնտու են, մենք պիտի պաշտպանենք մեր ազգային շահերը, եւ դրական որոշում պիտի տրուի», ըսած է Եանուքովիչ` ուքրանական լրատուամիջոցներուն տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ան յայտարարած է, որ Ուքրանիան դադար վերցուցած է Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան բանակցութիւններուն մէջ, որպէսզի հասկնայ, թէ ի՛նչ պայմաններով պիտի ստեղծուի ազատ առեւտուրի գօտին:

Փութին Ուքրանիոյ Տրամադրուած
Ռուսական Օգնութիւնը Բացատրած Է
Բարեկամական Կապերով

Lenta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան բազմամիլիառանոց օգնութիւն տրամադրած է Ուքրանիոյ, որովհետեւ երկու երկիրները բարեկամական յարաբերութիւններ ունին:

Փութին աւելցուցած է, որ Քիեւին ներկայացուած կազի գինի զեղչերու որոշումը գործնապաշտ որոշում է` հաշուի առնելով այն ծանր դրութիւնը, որուն մէջ յայտնուած է ուքրանական տնտեսութիւնը:

Ան նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան պարագային Ուքրանիա պիտի դառնայ գիւղատնտեսական կցորդ, «որուն հիմամբ` կցորդները տարբեր կ՛ըլլան` առողջ եւ ոչ այնքան», ըսած է Փութին:

Ըստ անոր, Ռուսիա դէմ չէ Եւրոպական Միութեան հետ Քիեւի ընկերակցութեան, սակայն պիտի պաշտպանէ իր տնտեսութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES