Անդրադառնալով Փտածութեան Գայթակղութեան` Էրտողան Ձերբակալութիւնները Իր Կառավարութեան Դէմ «Կեղտոտ Գործողութիւն» Կը Նկատէ

Erdogan1912Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան փտածութեան գայթակղութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութիւնները մեկնաբանելով յայտարարած է, որ իր կառավարութիւնը գործողութեան մասին տեղեակ չպահելը անընդունելի է, եւ այն մարդիկ, որոնք այդ գործողութիւնը կատարած են, կ՛ուզեն «պետութեան մէջ պետութիւն» ըլլալ:

Էրտողան ձերբակալութիւնները իր կառավարութեան դէմ «կեղտոտ գործողութիւն» որակած է: Ան յայտարարած է, որ գործողութեան նպատակը պետական դրամատուներու, կառավարութեան եւ անոր անդամներու վարկին վնաս հասցնելը եղած է: Ան ընդգծեց, որ «քաղաքական դաւ» պիտի չարտօնէ:

«Մենք կասկածներ ունինք: Այդ գործը պիտի քննուի մինչեւ վերջ, եւ ներում պիտի չըլլայ մինչեւ իսկ հարազատ եղբօրս համար», ըսած է ան:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ գործողութեան ընթացքին հնչած կառավարութեան անդամներու եւ անոնց հարազատներուն անունները մինչեւ վերջ պիտի ճշդուին: «Մենք ատիկա չենք ըներ, որովհետեւ այդ մասին կ՛ըսէ ընդդիմութիւնը: Մենք ատիկա կ՛ընենք` ժողովուրդին առջեւ հաշուետուութիւն տալու եւ մեր հեղինակութիւնը ապահովելու համար», ըսած է ան:

Երէկ պաշտօնազրկուեցաւ նաեւ Պոլսոյ ոստիկանապետ Հիւսէյն Չափքըն: Մէկ օր առաջ շարք մը բարձրաստիճան ոստիկաններ, ներառեալ` Չափքընի տեղակալները պաշտօնազրկուած էին:

Երեքշաբթի օր փտածութեան հարցով ձերբակալուած էին 52 անձեր, որոնց շարքին էին Թուրքիոյ ներքին գործոց, տնտեսութեան եւ կենսոլորտի նախարարներուն  որդիները:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ շատեր կը հաւատան, որ ձերբակալութիւններն ու անոնց յաջորդող պաշտօնազրկումները կ՛արտացոլեն Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ պառակտում մը, ինչպէս նաեւ իշխող կուսակցութեան եւ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի շարժումին միջեւ վէճ մը:

Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումի անդամները կը կարծուին ոստիկանութեան, արդարադատութեան եւ ինքնին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ ազդեցիկ պաշտօններ ունենալ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES