Ըստ Էրտողանի. Պալքանները Թուրքիոյ Մէկ Մասն Են
Ռուսական «Ռուսպլաթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Պալքաններու մէկ մասը կը պատկանի իր երկրին, ինչ որ միջազգային գայթակղութիւն յառաջացուցած է:
Էրտողանը բացատրած է, թէ Պալքանեան թերակղզիին ո՛ր մասը կը պատկանի Թուրքիոյ: Ըստ անոր, Թուրքիոյ կը պատկանին Մակեդոնիոյ, Պուլկարիոյ եւ Պոսնիոյ մէկ մասը, ինչպէս նաեւ` Արեւմտեան Թրակիան:
Թուրքիոյ վարչապետի յայտարարութիւնը արդէն բացասական արձագանգ ստացած է Յունաստանի մէջ:
Էրտողանի խօսքերը սադրիչ կը նկատուին նաեւ այն պատճառով, որ Թուրքիա կը յաւակնի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան: Սակայն Միութեան միանալու համար Թուրքիոյ անհրաժեշտ է բոլոր անդամ պետութիւններուն, ներառեալ` Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ աջակցութիւնը:-
CATEGORIES Միջազգային

