Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՆԾԱՆՕԹ զինեալ մը երէկ Պէյրութի օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող հաստատութիւն մը կողոպտեց ու աներեւութացաւ: Թանզանիոյ մէջ լիբանանեան գաղութի նախագահ Ալի Շումեր, որուն հաստատութիւնն էր թիրախը, դատական հայց ներկայացուց ապահովական պատկան մարմիններուն մօտ:
ՀԱԼԱԹԻ ծովափին սուտանցիի մը դիակը գտնուեցաւ երէկ: Զոհը ճակատէն մահացու հարուած մը ստացած էր եւ «ինկած» Ժիպէյլէն անդին գտնուող Հալաթի ծովափի ջուրերուն մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

