Նախկին Նախարար Էլիաս Մըր Պարգեւատրուեցաւ

eliasmurrՆախկին նախարար Էլիաս Մըր երէկ պարգեւատրուեցաւ  միջազգային ոստիկանութեան` «Ինթըրփոլ»-ի Ֆրանսայի կեդրոնին` Լիոնի մէջ, ի պատիւ իրեն կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին: Հաղորդագրութեամբ մը Ֆրանսայի «Ինթըրփոլ»-ը ողջունեց  անոր շրջանային նախագահը` Էլիաս Մըրը, վեր առնելով անոր գործունէութեան յատկանիշները:

Միջազգային ահաբեկչութեան եւ օրինազանցութեանց քողազերծման  մարտավարական յատուկ ծրագիր մը մշակելու կոչուած այդ հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին նաեւ «Ինթըրփոլ»-ի բարձրաստիճան այլ պատասխանատուներ, որոնք դրուատեցին նախարար Մըրը` զայն պարգեւատրելով «Միակամ ձեռք» վահանով:

 

Share this Article
CATEGORIES