Խուսափեցէ՛ք Տըքուանէ – Պուրճ Համտուտ – Էշրեֆիէ Կամուրջը Օգտագործելէ
Ներքին ապահովութեան ուժերը նախանցեալ օր կոչ ուղղեցին Պէյրութի հիւսիսային արուարձաններու բնակիչներուն` զգուշանալու երթեւեկելէ Տըքուանէն Պուրճ Համուտի եւ Էշրեֆիէի միացնող կամուրջին վրայ, տրուած ըլլալով, որ անիկա վտանգ կը սպառնայ զայն օգտագործող ինքնաշարժներուն: Կամուրջին վրայ երկաթեայ օղակներու մասնակի խախտումով յառաջացած ճեղքերէն զգուշացնող արգելակիչ նշաններ զետեղելով` ներքին ապահովութեան ուժեր մաղթեցին, որ քաղաքացիները ընդառաջեն իրենց դիմումին եւ գործածեն արտօնուած միակ անցքը միայն:
Սակայն երէկ քաղաքացիներ բնական ձեւով շարունակեցին իրենց երթեւեկը նշեալ կամուրջին վրայ: Իսկ շինարարութեան պատկան մասնագէտներուն կարծիքով, կամուրջի նորոգութիւնը կը կարօտի քանի մը օրուան աշխատանքի` պահանջուած երկաթեայ սարքերու ստանձնումէն ետք:
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետը Ամբողջական
Գործակցութիւն Կը Խոստանայ Տըքուանէ–
Պուրճ Համուտ–Էշրեֆիէ Կամուրջին Գծով
Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան երէկ պատկերասփիւռի «Օ. Թի. Վի.» կայանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու Պուրճ Համուտ-Տըքուանէ-Էշրեֆիէ կամուրջի նորոգման գծով` տրուած ըլլալով, որ կամուրջին մէկ մասը կը գտնուի Պուրճ Համուտի կալուածային սահմաններուն մէջ:

