Իր Հովանաւորութեամբ Տեղի Ունեցած Պարգեւատրումի Ընթացքին. «21-րդ Դարուն Կարելի Չէ Մտածել Եւ Գործել Ոչ Արդիական Կազմածներով» Յայտարարեց Վ. Սապունճեան
«Առեւտուրն ու ճարտարարուեստը արտադրող արդիւնաւէտ Լիբանանը մեր սիրելի հայրենիքն ու մեր ինքնութիւնը ցոլացնող պատկերն է», յայտարարեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան իր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած ճաշկերոյթի մը ընթացքին` Էշրեֆիէի «Լը Մայոն» ճաշարանին մէջ:
«21-րդ դարուն կարելի չէ մտածել կամ գործել ոչ արդիական սարքերով ու կազմածներով», շարունակեց Սապունճեան: Նախկին նախարարներ Էլիաս Հաննայի եւ Սելիմ Ուարտէի ու ճարտարարուեստի, ուտեստեղէնի, առեւտուրի եւ առնչակից մարզերու ներկայացուցիչներու ներկայութեան տեղի ունեցած պարգեւատրումի այս հաւաքին Սապունճեան մաղթեց, որ 2014-ին կարելի ըլլայ նշել Լիբանանը համտեսումի Միջին Արեւելքի մայրաքաղաք հռչակելու փառատօնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

