Բանակին Դէմ Կատարուած Յարձակումներու Դատապարտումը Կը Շարունակուի

Իպրահիմ Քանաան

Իպրահիմ Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ բուռն կերպով դատապարտեց անցնող կիրակի երեկոյեան լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած զինեալ յարձակումը, որուն զոհ գնաց բանակային զինուոր մը: «Բանակին դէմ որեւէ յարձակում թշնամանք է լիբանանեան ինքնութեան եւ գոյացութեան գոյատեւման», ընդգծեց Քանաան:

Արաբական Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շըքըր խիստ վտանգաւոր նկատեց լիբանանեան բանակին դէմ Սայտայի մէջ կատարուած յարձակումը, «որովհետեւ  բանակը երկրի անդորրութեան ամրապնդման երաշխիքն է»: Շըքըր ընդգծեց, որ կը կիրարկուի խափանարարական շրջուն ծրագիր մը, որ լիբանանեան զանազան շրջանները ապահովական քաոսի մատնել կ՛ուզէ:

Share this Article
CATEGORIES