«Ահաբեկիչներու Արարքներուն Արդարացումը Մարտ 14-ի Ուժերուն Կողմէ Զիրենք Մեղսակից Կը Դարձնէ» Շեշտեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Հաղորդագրութիւնը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան համախմբումը երէկ շաբաթական իր հերթական նիստը գումարելով խստիւ դատապարտեց վերջերս երկրի զանազան շրջաններուն մէջ շղթայազերծուած ապահովական միջադէպերն ու խախտումները: Յատկապէս շեշտելով հարաւային Աուալի եւ Մաժտելիուն շրջաններու լիբանանեան բանակի դիրքերուն դէմ կատարուած դիտաւորեալ յարձակումները` հաղորդագրութիւնը վտանգաւոր քայլ նկատեց այդ յարձակումները, «որոնք կը միտին երկիրը անապահով քաոսային վիճակի մատնել»:

«Մարտ 14»-ի ղեկավարներուն կողմէ այդ ահաբեկչական արարքներու արդարացումը զիրենք մեղսակից կը դարձնէ այդ արարքներուն», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը: «Անոնք իրենց տուած արդարացումներու պատճառաբանութիւններով պարզապէս կ՛ուզեն խաբել լիբանանցիները եւ հաշուեյարդար տեսնել Հըզպալլայի հետ», աւելցուց հաղորդագրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES