Երկրի Կայունութեան Ամրապնդման Նախանձախնդրութեամբ. Մարուան Շարպել Նախագահեց Ապահովական Աշխատանքային Նիստի Մը

Ապահովական նիստէն պահ մը
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախագահեց ապահովական ընդլայնուած աշխատանքային նիստի մը` մասնակցութեամբ ապահովական, առողջապահական թէ առնչակից այլ մարզերու պատասխանատուներուն:
Երկրին մէջ ապահովութեան հաստատման ու յատկապէս տօնական խաղաղ եւ կայուն մթնոլորտ անցընելու նախանձախնդրութեամբ, Շարպել անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ թելադրանքներ կատարեց նշեալ մարզերու պատասխանատուներուն` ընդգծելով, որ ոչ մէկ պարագայի թոյլ պիտի տրուի ապահովութեան խախտումը կամ օրինազանցութեանց արձանագրումը:
CATEGORIES Լիբանանեան

