Դատախազ Իպրահիմ Լսեց Նախարար Սաֆատիի Վկայութիւնը

Safadi's-testimonyԵլեւմուտքի եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարներու պաշտօնակատարներու` Մոհամետ Սաֆատիի եւ Ղազի Արիտիի միջեւ ծագած վերջին բանավէճին լոյսին տակ, ելեւմտական դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ լսեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի վկայութիւնները` նշեալ բանավէճին գծով:

Հարցաքննութեան աւարտին, Սաֆատի լրագրողներուն յայտնեց, որ ինք ներկայացուցած է իր փաստաթուղթերը եւ այլեւս այս հարցին գծով դատարան ներկայանալու կարիք չունի:

Միւս կողմէ, դատախազ Իպրահիմ ամբողջացուց օդակայանի փապուղիին գծով իր հետաքննութիւնը` մեղաւոր նկատելով «Միզ» ընկերութիւնը անփութութեան եւ խափանարարութեան յանցանքներով: Ան այս թղթածրարը փոխանցեց Լեռնալիբանանի առաջին հետաքննութեան դատախազին:

 

Share this Article
CATEGORIES