Սլէյման Համաներո՞ւմ Պիտի Յայտարարէ Ծանր Հիւանդութենէ Տառապող Ու Մահուան Դատապարտուած Բանտարկեալներուն
Արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարներու պաշտօնակատարներ Շեքիպ Քըրթպաուիի եւ Մարուան Շարպելի Ռումիէի բանտ կատարած այցելութիւնը իր դրական արդիւնքները արդէն իսկ սկսած է «ծլարձակել»: Արդարեւ, նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան իր խորհրդակցութիւնները կեդրոնացուցած է ապահովական-դատական հարցերու գծով կատարուող հետաքննութեանց ամբողջացման հետապնդումին ու յանցագործներու նկատմամբ պատժական տնօրինումները փութացնելու վրայ: Իսկ «Սաութ Լուպնան» կայանին համաձայն, նախագահ Սլէյման շատ հաւանաբար «կաղանդչէք» մը նուիրէ Ռումիէի բանտին` ներում շնորհելով մահացու կամ ծանր հիւանդութիւններէ տառապող ու մահավճիռ ստացած բանտարկեալներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

