Անդրադարձ. Ապահովութեան Հարցը Առանցքը Կը Կազմէ Լիբանանեան Ղեկավարութիւններու Մտահոգութեանց
ՍԻԼՎԱ Գ.
Վերջին շրջանին շղթայազերծուած յարձակումներու լոյսին տակ, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ Թրիփոլիի պայթումներուն, իրանեան դեսպանատան դէմ յարձակման եւ վերջերս լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած յարձակումներու հետեւանքները կու գան շեշտելու ժողովրդային, ղեկավար եւ յատկապէս ապահովական շրջանակներու մտահոգութիւնները` երկրի ապահովական վիճակի ամրապնդման գծով: Խորքին մէջ, եթէ փորձենք կարկինը լայն բանալ, նշեալ ապահովական խախտումները ինքնըստինքեան չեն, ոչ ալ` օրուան ծնունդը: Անոնք պարզապէս շարունակութիւնն ու հետեւանքներն են շրջանային իրադարձութեանց Եգիպտոսի ղպտիներուն դէմ յարձակումներէն, Նիկերիոյ եկեղեցիներու հրկիզումէն մինչեւ Լիպիոյ, Թունուզի եւ Սուրիոյ ապահովական իրադարձութիւնները: Այս բոլոր դէպքերուն տողատակի պատգամը բռնկեցում եւ բռնագաղթ է` փորձելով շրջանի բնակիչները վախի ու սարսափի մատնելով, զանոնք մղել արտագաղթի կամ բռնագաղթի: Այս գծով մամուլի թէ մեկնաբաններու վերլուծումները որոշ վերապահութիւն կը յայտնեն` երբեմն նոյնիսկ կացութեան վատթարացման մտավախութիւններ յայտնելով:
Այս ծիրին մէջ, ամերիկեան «Ուըրլտ Թրիպիուն» թերթը կարճատեւ պատերազմ մը կը նախատեսէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ, ինչ որ վստահաբար իր ապահովական ժխտական հետեւանքներն ու անդրադարձները պիտի ունենայ շրջանի ու Լիբանանի կացութեան վրայ:
Նմանապէս, լիբանանցի գրող ու քաղաքական մեկնաբան Ուասեֆ Աուատա, վերլուծելով շրջանային իրադարձութիւնները, երեքէն վեց ամսուան տեւողութեամբ դժուար հանգրուան մը կը նախատեսէ Լիբանանի համար: Իսկ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զգուշացուց կացութեան վտանգաւոր տարողութենէն` նշելով, որ մութ բեմագրութիւն մը կը փորձուի կիրարկել` փորձելով Լիբանանը վերածել «Ժիհատ»-ի հրապարակի, ինչ որ անիշխանութեան ու քաոսի կրնայ մատնել երկիրը:
Փոխադարձաբար սակայն, դիւանագիտական թէ ղեկավար շրջանային ու տեղական անձնաւորութիւններ կը շեշտեն հարցերու քաղաքական լուծման յանգելու հրամայականը` զգուշացնելով Լիբանանի գերիշխանութեան, գոյութեան, գոյատեւման ու համակեցութեան սպառնացող վտանգներէն: Այս վարկածին կը համընկնին օրինակ` Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանդր Զասպիքինի կոչը` հարցերուն քաղաքական ճիգերով եզրայանգում տալու գծով: Կամ` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութիւնը, թէ «Ժընեւ-2»-ը պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան դիմակալման խորհրդաժողով մը:
Նոյն ծիրին մէջ կու գայ դարձեալ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներէն Քեթրին Էշթընի կոչը` հարցերը (յատկապէս հարաւային սահմանային ճակատին վրայ) լուծելու ՄԱԿ-ի որոշումներուն տրամադրութեանց համաձայն, թելադրելով կողմերը` ինքնազսպումի դիմելու եւ լարուածութեան մեղմացման:
Նմանապէս, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի սոյն հաստատումը, թէ Արեւելքի քրիստոնեաները երաշխիքն են շրջանին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան` ընդգծելով, որ իսլամներն ու քրիստոնեաները եղբայրներ են եւ անհրաժեշտ է միակամ ճիգերով հակազդել պառակտիչ բոլոր փորձերուն:
Այս իմաստով, խաղաղութեան ջատագով ու նախանձախնդիր կողմերու եւ յատկապէս` իրենց օրապահիկով մտահոգ քաղաքացիներու հայեացքները սեւեռուած են յառաջիկայ յունուարին տեղի ունենալիք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին, որմէ կ՛ակնկալուի քաղաքական լուծում բերել շրջանի ու յատկապէս Սուրիոյ տագնապին: Նմանապէս, դէտերու ուշադրութիւնը սեւեռուած է Ուաշինկթըն – Թեհրան – Ռիատ «ճակատ»-ին ուղղութեամբ, ուր քաղաքական «ձիւնհալ» մը խիստ հաւանական կը նկատուի մօտիկ ապագային: Այդ «ձիւնհալ»-ի նախանշանները պարզուած էին հեռաձայնային աննախընթաց հաղորդակցութեան մէջ, որ կայացած էր Իրանի նոր նախագահ Հասան Ռուհանիի ընտրութեան վաղորդայնին` իր եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ, վերջինիս նախաձեռնութեամբ:
Մինչ այդ, տօնական օրերու սեմին, լիբանանցիք իրենց անմեղ մանուկներու լեզուով, Կաղանդ պապուկէն խաղալիքի փոխարէն երկրի ապահովութիւնը ամրապնդող «նուէրներ» կը խնդրեն…

