Անիշխանական Զանազան Միջադէպեր Լիբանանի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ Վերստին Լարուածութիւն Թրիփոլիի Մէջ
Վերջին օրերու ապահովական միջադէպերէն ետք, երէկ երեկոյեան սաստիկ լարուած վիճակ տիրեց Թրիփոլիի մէջ, երբ զինեալներ անիւներով փակեցին Մաշրուհ-Թալաաթ Քպպէ ճամբան:
Աւելի ուշ սաստիկ կրակոցներ ու հրթիռարձակումներ լսուեցան Թրիփոլիի Քպպէ եւ Թըպպանէ շրջաններուն մէջ. վիրաւորուեցան երկու անձեր եւ արձանագրուեցան նիւթական մեծ վնասներ` մօտակայ ինքնաշարժներուն: Ըստ նախնական տուեալներուն, կրակոցներու շարժառիթը «Ժապհաթ Նուսրա»-ի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանիի պատկերասփռուած ելոյթն էր դարձեալ: Ուշ երեկոյեան Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ կատարուեցաւ արձակազինութիւն:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ Պեքաայի Արսալ շրջանին մէջ ձերբակալեց եօթը սուրիացիներ, որոնք անհատական զէնքերով ու ատրճանակներով եւ ձեռնառումբերով զինուած կը փորձէին մուտք գործել Արսալի շրջանը:
Իսկ Սայտայի մէջ, տօնական օրերու սեմին լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ ապահովութեան ամրապնդման եւ օրինազանցութեանց կանխարգիլման համար բանակի եւ ապահովական ուժերու ձեռնարկած ապահովական խիստ միջոցառումներուն ծիրին մէջ, բանակը երէկ ձերբակալեց լուսարձակէ հեռու մնացող, փախստական շէյխ Ահմէտ Ասիրի կողմնակիցներէն հինգ կասկածելի զինեալներ: Սայտայի արեւելեան շրջանի պարտէզներուն եւ մերձակայքին մէջ կատարուած փնտռտուքներուն ընկերացան բանակային հետախուզական ուղղաթիռներ:

