Մարդկային Իրաւանց Համաշխարհային Համախմբումին Ընթացքին Քննարկուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման Հարցը
«Արմենիա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մասնակցած է Պրազիլի մայրաքաղաք Պրազիլիոյ մէջ 10-13 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Մարդկային իրաւանց համաշխարհային համախմբումին:
Պուենոս Այրեսի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Քարոլինա Քարակէօզեան եւ փաստաբան Կիերմօ Ֆերայոլի Քարամանեան ներկայացուցած են «Հայոց ցեղասպանութիւնը` 20-րդ դարու ցեղասպանական հոլովոյթներու բաղդատական ուսումնասիրութիւն մը» նիւթը, որուն մէջ անոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը քննարկած են ընկերային եւ պատմական դիտանկիւնէ: Փոխհատուցման հարցը նիւթի կեդրոնական նիւթերէն մէկն էր:
Քարամանեան` ակնարկելով Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան Հայաստանին, յայտնած է, որ «Թուրքիա պէտք է Հայաստանի հողատարածքները վերադարձնէ, ըստ 22 նոյեմբեր 1920-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի հրապարակած պայմաններուն:
«Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերը հայ ժողովուրդին հասած մնայուն նիւթական վնաս էին: Այս վնասը տակաւին արդար փոխհատուցումով մը չէ դարմանուած: Այդպիսի փոխհատուցում մը պէտք է նկատի ունենայ թէ՛ կորսուած կեանքերը, թէ՛ պետութեան եւ թրքական վերնախաւի անդամներուն կողմէ կալուածներու սեփականացումը», ըսաւ Քարակէօզեան:
Փակման արարողութեան ընթացքին, Պրազիլի մարդկային իրաւանց հարցով փոխնախարար Փաթրիսիա Պարսելոս յայտարարեց, որ Արժանթին պիտի հիւրընկալէ 2015-ին նախատեսուած Մարդկային իրաւանց համաշխարհային համախմբումը:
Մարդկային իրաւանց համաշխարհային համախմբումը կը ձգտի մարդկային իրաւանց շուրջ հասարակական քննարկումի միջավայր ստեղծել` կեդրոնանալով տարբեր կարծիքներու յարգանքին, ընկերային մասնակցութեան, անհաւասարութեանց նուազեցման եւ մարդկային իրաւանց բոլոր ոտնահարումներու դիմակայման վրայ:
Ըստ Մարդկային իրաւանց համաշխարհային համախմբումին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, համախմբումին ընթացքին աւելի քան 500 աշխատանքներ տեղի ունեցած են, մասնակցութեամբ (Պրազիլի. «Հ.») հանրապետութեան նախագահ Տիլմա Ռուսեֆի, նախկին նախագահ Լուլայի, Քոլոմպիոյ փոխնախագահին, գործադիր քարտուղար Փաթրիսիա Պարսելոսի եւ այլ անձնաւորութիւններու: Աւելի քան 9 հազար մասնակիցներ եղած են: