Ըստ Հարցախոյզի Մը. Հայաստանը Խորհրդային Միութեան Քայքայումը Ամէնէն Շատ Վնասակար Նկատող Յետխորհրդային Երկիրն Է

USSR1912Յաջորդ շաբաթ կը լրանայ Խորհրդային Միութեան փլուզման 22-ամեակը, որուն առիթով հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան «Կալլոփ» կեդրոնը հետազօտութիւն կատարած է նախկին կայսրութեան մաս կազմած 11 երկիրներու մէջ: Հարցախոյզի արդիւնքը ցոյց կու տայ, թէ անոնք այդ քայքայումը հիմնականին մէջ աւելի վնաս, քան օգուտ կը նկատեն:

Կեդրոնի կայքէջին վրայ հրապարակուած հետազօտութեան նիւթերուն համաձայն, հարցախոյզին մէջ ներառուած 11 երկիրներէն այդպիսին են 7-ն: Միայն ազրպէյճանցիները, ղազախները եւ թուրքմեններն են, որոնք Խորհրդային Միութեան փլուզումը աւելի օգուտ կը նկատեն, իսկ վրացիներուն մօտ երկփեղկում գոյութիւն ունի:

Հայաստանի մէջ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն օգուտ կը տեսնէ բնակչութեան միայն 12 առ հարիւրը, վնաս` 66 առ հարիւրը, ոչ օգուտ-ոչ վնաս` 10 առ հարիւրը, չի գիտեր կամ մերժած է պատասխանել` 12 առ հարիւրը:

Ազրպէյճանի մէջ Միութեան փլուզումէն օգուտ կը տեսնէ բնակչութեան 44 առ հարիւրը, վնաս` 31 առ հարիւրը, ոչ օգուտ-ոչ վնաս` 8 առ հարիւրը, չի գիտեր կամ մերժած է պատասխանել` 18 առ հարիւրը:

Վրաստանի մէջ Միութեան փլուզումէն օգուտ կը տեսնէ բնակչութեան 37 առ հարիւրը, վնաս` 33 առ հարիւրը, ոչ օգուտ-ոչ վնաս` 9 առ հարիւրը, չի գիտեր կամ մերժած է պատասխանել` 21 առ հարիւրը:

Ընդհանուր առմամբ` նախկին խորհրդային երկիրներու բնակիչները Միութեան փլուզումէն աւելի վնաս կը տեսնեն (51 առ հարիւր), քան օգուտ (24 առ հարիւր): Աւելի շատ օգուտներ կը տեսնեն ուսեալ երիտասարդները` 15-44 տարիքային խումբին մէջ:

Կարեւոր է նաեւ վարչակարգի առանձնայատկութիւնը. վախի մթնոլորտի մէջ ապրող թուրքմեններուն 61 առ հարիւրը կը վախնայ ըսել, թէ փլուզումը վնաս էր իր երկրին:

Հարցախոյզը կատարուած է 1000 չափահասի շրջանակի մէջ: Հարցախոյզէն դուրս մնացած են Խորհրդային Միութեան նախկին անդամներ Ուզպեքիստանի, Լիթուանիոյ, Լաթվիոյ եւ Էսթոնիոյ բնակիչները:

Մոսկուայի Մէջ Պիտի Կանգնեցուին
Խորհրդային Բոլոր Ղեկավարներուն
Յուշարձանները

Մոսկուայի մշակոյթի վարչութեան ղեկավար Սերկէյ Քափքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ պիտի կանգնեցուին Խորհրդային Միութեան բոլոր ղեկավարներուն յուշարձաններն ու յուշատախտակները:

Պաշտօնատարը նշած է, որ խօսքը թէ՛ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք կազմաքանդուած յուշարձաններու վերականգնման, թէ՛ նորաստեղծ յուշարձաններու կանգնեցման մասին է:

Սակայն Քափքով ընդգծած է, որ Ստալինի յուշարձանը կանգնեցնելու մտադրութիւն տակաւին չկայ, որովհետեւ այս քաղաքական գործիչին անունը արդէն անմահացուած է Կարմիր հրապարակին մէջ գտնուող շիրմաքարին վրայ:

Քափքով այս յայտարարութիւնը կատարած է Լէոնիտ Պրեժնեւի յուշատախտակի բացման արարողութեան ժամանակ: Իսկ ձեռնարկին ներկայ գտնուած երգիչ Ժոզեֆ Քոպզօ առաջարկած է Մոսկուայի մէջ կանգնեցնել Ստալինի ու Ֆելիքս Տերժինսքիի արձանները:

 

Share this Article
CATEGORIES