Ռուսիոյ Հետ Կազի Վերաբերող Երեք Համաձայնագիրները Կը Համապատասխանեն Սահմանադրութեան
Սահմանադրական դատարանը երէկ հաստատեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հայաստանեան այցելութեան օրը ստորագրուած կազային երեք համաձայնագիրները կը համապատասխանեն Հայաստանի սահմանադրութեան:
«Եթէ Սահմանադրական դատարանը այսպիսի որոշում տայ, ապա կառոյցը պէտք է լուծարել», քանի մը օր առաջ այդ համաձայնագիրներուն առնչուող խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին յայտարարած էր Ազգային ժողովի պատգամաւոր, նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Արզումանեան:
Սահմանադրական դատարանի որոշումը հրապարակուեցաւերէկ, սակայն կառավարութիւնը համաձայնագիրներու վաւերացման հարցով արտակարգ նստաշրջան հրաւիրելու ցանկութիւնը յայտնած էր օրեր առաջ: Այս համաձայնագիրներուն վերաբերող հարցը Ազգային ժողովի այսօրուան արտակարգ նստաշրջանին մէջ ընդգրկելու համար կառավարութեան նիստը երէկ սովորականէն ուշ սկսաւ:
Ուշագրաւ է, որ Հայաստանի մէջ տակաւին չհրապարակուած այս փաստաթուղթերը արդէն տեղադրուած են Ռուսիոյ կառավարութեան կայքէջին վրայ: Անկէ յստակ կը դառնայ, որ հայկական կողմը պարտաւորուած է «ՀայՌուսկազարդ» ընկերութեան մէջ Հայաստանի կառավարութեան վերջին 20 առ հարիւր բաժնեմասի առքուվաճառքի պայմանագիրը «Կազփրոմ»-ի հետ կնքել մինչեւ յաջորդ տարուան 17 յունուարը: Ատիկա է, թերեւս, հայկական կողմի շտապողականութեան պատճառը:
Սահմանադրական դատարանը երէկ շատ արագ քննեց այդ համաձայնագիրներու սահմանադրականութեան հարցը. դատարանի անդամները խորհրդակցական սենեակին մէջ ընդամէնը վայրկեաններ անցուցին` որոշումը արագ հրապարակելու համար: Միջպետական համաձայնագիրները խորհրդարանին մէջ քննարկման դնելու համար, Սահմանադրական դատարանի եզրակացութիւնը անհրաժեշտ է:
Խորհրդարանական ոչ իշխանական ուժերը վտանգաւոր կը նկատեն այս համաձայնագիրները: Անոնց, մասնաւորաբար, կը մտահոգեն Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնց համաձայն, եթէ Հայաստան ռուսական կազ կը գնէ, ապա` միայն «Կազփրոմ»-էն, քանի որ Հայաստան կազի ներմուծման բացառիկ իրաւունքը տրուած է ռուսական այդ ընկերութեան:
Ոչ իշխանական քաղաքական ուժերը մտավախութիւն ունին, որ այս համաձայնագիրը ամբողջութեամբ կը սահմանափակէ կողմերէն մէկուն բոլոր իրաւունքները, կը հակասէ մեր սահմանադրութեան` բազմաթիւ կէտերով, եւ ամբողջութեամբ կը սպասարկէ միւս կողմի շահերուն:
«Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գործէ խմբաւորում մը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հաշուոյն, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի հաշուոյն կը սպասարկէ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան շահերուն: Ես խորապէս անոր համոզուած եմ», ըսաւ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան անդամ Գուրգէն Արսէնեան:

