Հայաստանի Կառավարութիւնը Ազգային Ժողովը Արտակարգ Նստաշրջանի Հրաւիրեց

GOV19-12Հայաստանի կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին ընթացքին հաստատեց այսօր Ազգային ժողովի արտակարգ նստաշրջան գումարելու նախաձեռնութիւնը:

Ըստ այդ նախաձեռնութեան, կառավարութիւնը Ազգային ժողովի քննարկման պիտի ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի առարկութիւնները «Պետական տուրքի մասին», «Շահումով խաղերու եւ խաղատուներու մասին»,  «Հայաստանի Հանրապետութեան պիւտճէի համակարգի մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներու  նախագիծերուն վերաբերեալ:

Արտակարգ նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած են նաեւ «Տեղական ինքնակառավարման մասին»,  «Երեւանի տեղական ինքնակառավարման մասին»,  «Հայաստանի Հանրապետութեան 2013 թուականի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծերը:

Ասոնցմէ բացի, խորհրդարանը պիտի քննարկէ նաեւ այլ օրէնսգիրքերու մէջ փոփոխութիւն եւ  լրացում կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերը:

Կառավարութիւնը Ազգային ժողովի հաստատման պիտի ներկայացնէ նաեւ Հայաստանի ու Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնական կազի, քարիւղի մթերքներու եւ չմշակուած բնական ադամանդի առաքման մարզին մէջ համագործակցութեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն բնական կազի առաքման ժամանակ գիներու ձեւաւորման կարգի վերաբերեալ եւ «ՀայՌուսկազարդ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան բաժնետոմսերու առուվաճառքի եւ հետագայ գործունէութեան պայմաններուն մասին միջպետական համաձայնագիրները:

Share this Article
CATEGORIES