Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

horoscope1-saidaonline

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մոռցած էք մարզանքը, որ ձեր մարմնին համար սքանչելի օգուտ պիտի ունենայ: Սկսեցէք ամէնօրեայ մարզանքի, առողջ կը մնաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անցեալին պատահած տխուր կամ անհաճոյ բաները մի՛ յիշէք, որպէսզի ձեր օրը չխանգարուի անիմաստ հարցեր մտաբերելով: Պտոյտ մը ըրէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վաճառատուներու դիմաց շրջելով` պտոյտ մը ըրած չէք ըլլար, հարկ է, որ երթաք դէպի բնութիւն, խաղաղ վայրերու մէջ լռութիւնը վայելելու: Այսպիսով, կրնաք բարձրացնել ձեր յոգնած տրամադրութիւնը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այս ժամանակաշրջանին դիւրին չէ խնայողութիւն ընել, սակայն կրնաք ծախսել իմաստութեամբ, անհրաժեշտութեան պարագային: Օրը պիտի օգնէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շրջանակին մէջ աննշմար անձ մը չէք, ամէն մարդ գիտէ ձեր կարողութիւնը: Այս իրողութիւնը հաճելի կը թուի ձեզի: Մնացէք նոյն ձեւով:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի մասնակցիք ձեզի մօտիկ անձի մը գաղտնի խօսակցութեան: Ան իր սիրտը պիտի բանայ ձեզի, բայց դուք պիտի չկարենաք պահել զայն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ունիք բարեկամներ, գործակիցներ, որոնք կը միանան ձեր փափաքին եւ կը գործակցին: Դուք ալ նոյնը ըրէք անոնց նկատմամբ: Հաւատարիմ եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքը կը գնահատուի, դուք գիտէք, թէ կարեւոր ներդրում ունիք, բայց երբեմն չէք արտայայտուիր: Բացայայտեցէք դուք ձեզ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բազմազբաղ էք, ձեզի համար դժուար պիտի ըլլայ հանդարտ պահ մը ունենալ` քիչ մը հանգստանալու համար: Առիթներ ստեղծեցէք հանգստնալու:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւ կ՛ընէք, եթէ ձեր սեփական շահը պաշտպանէք: Թոյլ մի՛ տաք, որ ուրիշներ շահարկեն ձեր կարողութիւնը: Իմաստուն եղէք ամէն պարագայի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշները մի՛ մեղադրէք կատարուած սխալի մը համար: Լաւ սերտեցէք ձեր աշխատանքին վերաբերեալ ձեր ընելիքները, որպէսզի յստականայ հարցը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Միացէք ձեր ընտանիքին որոշումներուն: Միայն հրահանգներ մի՛ տաք, այլ մնացէք հանդարտ, ականջ տուէք նաեւ ուրիշներու կարծիքին:

Share this Article
CATEGORIES