ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՌԱՔԵԱԼ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԿՈՉԷ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ամավերջի հանդէսին ներկաները

Երէկ` երկուշաբթի, 20 յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 81-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ, Պիքֆայա` բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:

Դպրեվանքի տեսչութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ յայտագիրի հիման վրայ կատարուեցաւ Աւետարանէն եւ «Նարեկ» աղօթամատեանէն ընթերցում` Ընծայարանական սարկաւագներու կողմէ: Ապա, երգախառն կատարումով, դպրեվանքի երգչախումբը ներկայացուց Միսաք Մեծարենցի քերթուածներէն կատարուած համադրում` ղեկավարութեամբ Մակար վրդ. Աշգարեանի:

Յանուն շրջանաւարտներուն, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նորընծայ աբղյ. Աշըգեան` երախտագիտութիւն յայտնելով վեհափառին, տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնք անցնող ինը տարիներուն դերակատար եղան իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ:

Շրջանաւարտները` վեհափառին, դպրեվանքի տեսուչին եւ պատասխանատուներուն հետ

Տեսչական տեղեկագիրով Շահէ եպս. Փանոսեան անդրադարձաւ անցնող տարեշրջանին կատարուած ուսումնական-կրթական աշխատանքին, յատկապէս յիշելով տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն գործունէութիւնը, ուսանողութեան եկեղեցական, կրթական եւ ընկերային առօրեան եւ ի վերջոյ այս տարուան հունձքը, որ չորս նորընծայ աբեղաներով կու գայ զօրացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան շարքերը: Ան նշեց նաեւ, որ երկու քահանայացուներ ալ կ՛աւարտեն իրենց ընթացքը, մէկը` Ընծայարանէն, իսկ միւսը` քահանայից պատրաստութեան դասընթացքէն: Տեսուչ սրբազանը շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ դպրեվանքին նիւթապէս զօրավիգ կանգնած բոլոր բարերարներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք կը սիրեն դպրեվանքը եւ կը գուրգուրան անոր: Ապա, տեսուչ սրբազանը հրաւիրեց վեհափառը` բաշխելու վկայականները եւ տալու իր հայրապետական պատգամը:

Արամ Ա. կաթողիկոս կատարուած աշխատանքին իր գնահատանքը յայտնելուն հետ նաեւ յիշեց այն անձերը, որոնք յայտնի կամ անյայտ բարերարութիւններով կը քաջալերեն դպրեվանքի մարդակերտումի աշխատանքը: Ան յանուանէ յիշեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը, «Փիւնիկ» հիմնադրամը, «Խաչիկ Պապիկեան» ֆոնտը, ինչպէս նաեւ հաւաքաբար յիշատակութեան արժանացուց բոլոր բարերարները:

Վեհափառը այս առիթով անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, անոր դպրեվանքին եւ միաբանութեան առաքելութեան: «Դպրեվանքը մարդիկը առաքեալ կը դարձնէ եւ ծառայութեան կը կոչէ: Մենք միշտ ըսած ենք եւ կրկնութեան սիրոյն պիտի յիշեցնենք դարձեալ, թէ որակին կը հաւատանք եւ ոչ թէ քանակին: Մայրավանքին թէ թեմական ծառայութեան մէջ, մեր միաբանները միշտ որակաւոր աշխատանք ցոյց կու տան», ըսաւ ան: Ապա, նոյն ոգին ու գիտակցութիւնը նաեւ փոխանցելով նորընծաներուն, վեհափառը յորդորեց զանոնք ըլլալ հաւատարիմ իրենց կոչումին եւ նուիրական ուխտին: Ան թելադրեց միշտ դպրեվանքը տանիլ իրենց հետ` իբրեւ ոգի, իբրեւ գիտութիւն եւ իբրեւ ծառայութիւն, անկէ ճառագայթող լոյսը ի սպաս դնելով մեր ժողովուրդի հոգեւոր ու իմացական լուսաւորման:

Ապա դպրեվանքի տեսչութիւնը ընդունելութեամբ պատուեց ներկայ հանդիսականները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES