«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺՆԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Ազդակ»ի կայքէջի արաբերէն բաժինը վերաթարմացուելով արդէն իսկ իր ընթերցողներուն կը հաղորդէ ամսուան նորութիւնները, ինչպէս նաեւ կը տեղադրէ նոր յօդուածներ, գրութիւններ, վերլուծականներ` հայութեան եւ շրջանի զարգացումներուն վերաբերող:
Լուրերու բաժինին մէջ կը կարդանք Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան բաժին ինկած երկու հայ նախարարներուն ու անոնց կենսագրականներուն մասին:
Ռոտ Այլընտի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դասաւանդման նիւթի վերածելու մասին լուր տեղադրուած է կայքէջին վրայ, լուրեր կան նաեւ Հրանդ Տինքի դատավարութեան ծիրին մէջ թուրք զինուորներու բանտարկութեան, Իտալիոյ մէջ փոքրիկ աղջնակի մը նախաձեռնութեան` հայութեան մասին նիւթ բանալու, Հայաստանի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարներուն ունեցած հանդիպումին եւ անոնց քննարկած նիւթերուն մասին:
Յօդուածներու կարգին կը կարդանք վերջերս մահացած տոքթ. Ճեք Գէորգեանի` պրն. Մահուան նուիրուած ժապաւէնի մը պատրաստութեան մասին. ժապաւէնին մէջ ակնարկութիւն պիտի կատարուի անոր կեանքին եւ մահուան նկատմամբ ունեցած մօտեցումներուն:
Այս բաժինով տեղադրուած են նաեւ ռուսական եւ օսմանեան կայսրութիւններուն մասին հետաքրքրական յօդուած մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի անոնց անցած ուղին եւ ունեցած ճակատագիրը:
Արաբական մամուլէն քաղուածքներ կը ներկայացուին Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ վերջերս արձանագրուած որոշ լարուածութեան մասին` լուսարձակի տակ առնելով Թուրքիոյ թաքուն նպատակներն ու տարած աշխատանքին ուղղուածութիւնը:
Անդրադարձ կը կատարուի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Իրան կատարած այցելութեան, ունեցած պաշտօնական տեսակցութիւններուն: Կայքէջին վրայ տեղադրուած են նաեւ երեսփոխան Բագրատունիի հետ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն կատարած հարցազրոյցները:
«Արաբ բարեկամներ կը գրեն» բաժինով անդրադարձ կը կատարուի դերասան Փիեռ Ճեմեճեանի, Սուրիոյ պետական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարօ Աւեսեանի, արուեստագէտներ Յասմիկ Գույումճեանի եւ Միրէյ Կոկիկեանի, անոնց արուեստին վերաբերող արժեւորումներ կը կատարուին:
Թարգմանութիւններու բաժինը այս ամիս նուիրուած է բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի եւ անոր գործերուն: