Այս Շաբաթավերջին. Այքիտոյի Փորձեր` Մոն Լա Սալի Մէջ
Լիբանանի Այքիտոյի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ այս շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենան Այքիտոյի յատուկ փորձեր:
Շաբաթ, 21 դեկտեմբերին, փորձերը կը սկսին յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն 19:00, իսկ կիրակի, 22 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 13:00:
Ֆետերասիոնը կը յայտնէ, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն անոր ներկայ գտնուիլ, կրնան ուղղուիլ Մոն լա Սալ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել 03-608322 թիւին եւ կամ այցելել ֆետերասիոնին հետեւեալ կայքէջը. [email protected] :
CATEGORIES Մարզական

