ՀՅԴ 123-Ամեակ. Մեր Խօսքը

1. Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտում: Միացեալ Հայաստանի սահմաններուն մէջ պիտի մտնեն Սեւրի դաշնագրով նախատեսուած հայկական հողերը, ինչպէս նաեւ` Արցախի, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի երկրամասերը:
2. Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած եւ ցարդ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային դատապարտում, բռնագրաւեալ հողերու վերադարձ եւ վնասուց արդար հատուցում հայ ազգին:
3. Տարագիր եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբում ամբողջական Հայաստանի հողին վրայ:
4. Հայաստանի պետականութեան հզօրացում, ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան նուիրագործում, ժողովուրդի բարօրութեան ապահովում եւ ընկերային արդարութեան հաստատում:

ՀՅԴ Նպատակ

ՀՅԴ հիմնադրութեան 123-րդ տարեդարձը մեզ կը մղէ ընթերցողին հետ բաժնելու կարգ մը խորհրդածութիւններ:

Razmavaragan-Dzrakroumi-Shertchan

Նպատակը` Մեկնակէտ եւ Վերջակէտ

ՀՅԴ հիմնադրութեան իւրաքանչիւր տարեդարձի պէտք է ետ նայիլ եւ գնահատել կատարուած ընդհանուր գործը. եւ այս` առարկայական ակնոցով ու քննական մտքով: Իւրաքանչիւր տարի պէտք է ճշդել, առարկայականօրէն, թէ մենք որքա՛ն մօտեցանք մեր նպատակներուն, կամ` անոնցմէ որքա՛ն հեռացանք: Զանոնք լաւ գիտենք, սակայն կը թուի, թէ մեր անձնական թէ հաւաքական առօրեայ կեանքին մէջ, մեր հարցերու այլազանութեան ու զանազանութեան մէջ, երբեմն նպատակը «կը մոռնանք»: Մինչդեռ միշտ անոնց պէտք է վերադառնալ` ճշդելու համար, թէ ծրագրուած աշխատանքը գոնէ մէկ քայլ առաջ կը տանի՞ դէպի նպատակ, թէ՞ ոչ:

Սակայն ՀՅԴ նպատակին ու քաղաքական գաղափարախօսութեան պէտք չէ հագցնել միմիայն ազգային տարազ, այլ զանոնք անպայման պէտք է դիտել համամարդկային եւ ընկերային տեսանկիւնէ նաեւ: Զաւարեանի խօսքերով, մենք չենք կրնար մենք զմեզ անջատել համամարդկային եւ ընկերային իտէալներէ, որոնք մէկ աստիճան վեր պէտք է դասել ազգայինէն` վերջինիս հետ սերտօրէն շաղկապուած ըլլալով:

Առաքինութիւններ սովորաբար կատարելո՛վ է, որ կը դառնանք առաքինի, պիտի ըսէր Արիստոտէլ: Այդպէս, մեր գործը անդադար պէտք է առընչել մարդկային ու ազգային իտէալական նպատակներուն հետ. այս վարժութիւն է, եւ ո՛չ տեսութիւն. զայն սովորութիւն պէտք է դարձնել, թէ ոչ հետզհետէ կը խզուինք նպատակներէն ու բնականաբար կը շեղինք, «կը մոռնանք», թէ ի վերջոյ նպատակը բարոյապէս առողջ ու առաքինի ըլլալն է կարելի եղածին չափ (անհատին, ուստի նաեւ` հաւաքականութեան մակարդակով): Այս կենսական վարժութեան բացակայութեամբ է, որ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ կը նուազի մարդկային ու ազգային իտէալներու հանդէպ գաղափարապաշտութիւնը: Անհատական կեանքի հեւքը, շրջապատի եւ միջազգային ընկերային փոփոխութիւնները, գործնապաշտութիւնը, նիւթի հրապոյրը ահաւոր մեքենաներ դարձած են ընդդէմ որեւէ անանձնական ու ընկերվարական  գաղափարապաշտութեան: Այս ընկերային ախտերուն հիմնական պատճառը աճող նիւթապաշտութիւնն ու եսակեդրոն անհատապաշտութիւնն են. «գաղափարախօսութիւններ», որոնք հիմնուած են միայն կարճաժամկէտ (անձի մը կեանքով սահմանափակուած) նիւթական յաջողութիւններու եւ հաճոյքներու վրայ. անոնք բացարձակապէս կ՛անտեսեն ընկերութեան եւ մարդկութեան երկարաժամկէտ յաջողութիւններն ու հոգեմտաւոր զարգացումը:

Հեռու հռետորութենէ` կը հաւատա՛նք, որ դաշնակցականը չի կրնար նիւթապաշտ ու անհատապաշտ ըլլալ. աւելի՛ն, տեսնելով շրջապատի իրականութիւնը, պարտաւոր է եւ պիտի՛ պայքարի այդ իրականութիւնը շրջելու համար: Ընկերվարութիւնը ժամանակավրէպ գաղափարախօսութիւն չէ՛, ինչպէս կը քարոզէ նիւթապաշտ դրամատիրութիւնը, այլ հետզհետէ աւելի ու աւելի այժէական կը դառնայ, փաստ` ծաւալող դասակարգային պայքարն ու բանուոր դասակարգի աճող հարստահարութիւնները: Պէտք է ընկերատնտեսական հաւասարակշռութիւնը վերականգնել:

Առաջնահերթութիւններ

Կը գիտակցինք, որ ընդհանուր պայքարին ընթացքին կան հանգրուանային առաջադրութիւններ, որոնք կը մարմնաւորուին շօշափելի պահանջուած արդիւնքներով: Բայց այդ պահանջուած արդիւնքները միշտ պէտք է հաւասարակշռել մեր կարողականութեան հետ, իսկ եթէ որոշակի արդիւնքի ձեռքբերումը անհրաժեշտ է տուեալ հանգրուանին, հարկ է մեր կարողականութիւնը համապատասխանեցնել անոր:

Կը գիտակցինք նաեւ, թէ Հայկական հարցը բազմերես է եւ անոր լուծումը` բազմակողմանի, իսկ սփիւռքի գոյատեւումը, եթէ նոյնիսկ որոշ հարցերու լուծումը կը դիւրացնէ, ինչպէս, օրինակ միջազգային քաղաքական գործունէութեամբ ու Հայաստանի տնտեսական ու մասնագիտացած մարդուժի հայթայթումով, միւս կողմէն` կը յառաջացնէ այլ հարցեր, որոնք կրնան ժամանակի ընթացքին անդառնալի հետեւանքներու յանգիլ, ինչպիսիք են` ձուլումը ինքնութեան կորուստն ու ընդհանուր կազմակերպական թուլութիւնը: ՀՅԴ նպատակը յստակ է սփիւռքին վերաբերեալ. անիկա կոչ է հայրենադարձութեան: Սակայն այդ նպատակին ուղղող նախապայմանը կը թուի ըլլալ ներկայի Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը: Կը հաւատանք, որ մեր երկրի պետականութեան հզօրացմամբ, որ կ՛ենթադրէ հիմնականին մէջ տնտեսական զարգացում, ընկերային եւ մարդկային իրաւունքներու հաստատում եւ ժողովրդավարական կարգերով քաղաքական առողջ ղեկավարութեան ձեւաւորում, կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն հայրենի բնակչութեան քանակական եւ որակական զարգացումը, այլեւ նաեւ` սփիւռքի հայրենադարձութեան նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումը:

Կը մնան բռնագրաւեալ հողերու ազատագրումը եւ անոր հետ առնչուած իսլամացուած հայերու ինքնութեան վերականգնումն ու անոնց ներգրաւումը մեր պայքարին մէջ: Այս ալ պահանջուած արդիւնք մըն է, նախապայման մը` Միացեալ Հայաստանի կերտման: Հոս է, որ մենք հաւաքաբար պէտք է ճշդենք առաջնահերթութիւնները` հիմնուած մեր կարողականութեան ու առարկայական տուեալներու վրայ:

Ռազմավարական Երկարաժամկէտ Ծրագրում

Փոխանակ մտահոգուելու մեր ներկայի հարցերով, պէտք է անյապաղ ծրագրել պահանջուած արդիւնքներու ձեռքբերումը. պէտք է երկարաժամկէտ առաջադրանքներով վարել մեր առօրեայ գործունէութիւնը, աշխատանքները. ամէնէն պարզն ու աննշան աշխատանքն անգամ պէտք է ծառայէ երկարաժամկէտ ծրագրի յաջողութեան: Այսպէս,  օտար վարժարան յաճախողները, խառն ամուսնութիւնները, օրուան հացին համար պայքարը, տնտեսական դժուարութիւնները, հայրենիքէն արտագաղթը, բանուորներու կեղեքումը եւ շատ այլ գաղութային եւ համազգային հարցեր պէտք չէ մեզ կազմակերպական շփոթի մատնեն, այլ պէտք է մեզ մղեն միջոցներ որոնելու եւ ելքեր փնտռելու, մէկ խօսքով` ծրագրելու: Ծրագրումը կարծէք ապագան կը զետեղէ ներկային մէջ` զայն ապրող իրականութեան վերածելով: Այսպէս, կը գիտակցինք, որ մեր առաքելութեան յաջողութեան համար պէտք են հիմնականին մէջ հաւատք, ծրագրում եւ կարգապահ գործ:

Աւելի՛ն, մենք չենք կրնար անջատ մնալ դարուս զարգացումներէն: Ներկայիս պէտք է գիտակցինք, թէ գործը վարելու եւ կատարելու մեր մօտեցումը պէտք է արհեստավարժ դարձնել: Գործին հանդէպ մեր մօտեցումի փոփոխութեան ունակութեամբ է, որ պիտի կարենանք քայլ պահել միջազգային հանրութեան արագընթաց զարգացումներուն հետ: Սակայն արհեստավարժութիւնը պէտք չէ շփոթել արհեստագիտութեան կամ համալսարանական մասնագիտացաման հետ: Անիկա աշխատանքի հանդէպ վարժ մօտեցումն է, որ կը պահանջէ յանձնառութիւն եւ յաճախ մասնագիտացում` տուեալ գործին հիմնական ծալքերուն մէջ. արդարեւ, անոր յաճախ օգտակար կ՛ըլլան արհեստագիտութիւնն ու համալսարանական մասնագիտութիւնները: Այս գիտակցութեամբ պէտք է ուղղել մեր կառոյցները, ուր յաճախ թափանցիկութեան, հաշուետուութեան եւ երիտասարդ վարիչներու պակասը խզում մը կը ստեղծէ երիտասարդութեան ու նախկին սերունդներուն միջեւ: Այս կը վտանգէ երիտասարդութեան ներգրաւումը ազգային կառոյցներուն մէջ, ուրկէ ի յայտ կու գայ սերնդափոխութեան տագնապ: Ի վերջոյ մեր հանգրուանային ազգային պայքարը կ՛իրագործուի առողջ եւ հեզասահ սերնդափոխութեամբ: Այս վերջինին իրագործումը նաեւ երկարաժամկէտ ծրագրումի գլխաւոր առանցքներէն պարտի ըլլալ:

* * *

Վերջապէս, կը հաւատանք, թէ ուսանողութիւնը իր բաժինը պիտի՛ բերէ պայքարին յաջողութեան  համար: Ընդհանրապէս, անիկա ժամանակակից զարգացումներուն հաղորդակից է, արհեստագիտական ունակութիւն կը պարզէ եւ վերջապէս ունի մասնագիտական հմտութեան կարողականութիւն: Կը մնայ անոր միշտ մնալ մարդուն ու ընկերութեան բարօրութեան գաղափարապաշտը եւ իր ազգին պայքարի յաջողութեան մէջ տեսնել մարդ անհատին երջանկութիւնը եւ հոգեմտաւոր զարգացումը: Իսկ աւագ սերունդէն ան կը սպասէ, որ օգնէ անոր իր այս պայքարին մէջ, որպէսզի սերունդներու փորձառութիւնը չկրկնուի, այլ բազմապատկուի, զարգանայ ու զարգանալով` յանգի հանգրուանային յաջողութիւններու, որոնք պիտի նպաստեն գերագոյն նպատակի իրագործման:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )