Հենրիխ Մխիթարեան Տորթմունտի Մէջ Բարեգործական Ձեռնարկի Մասնակցեցաւ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, Տորթմունտ քաղաքին մէջ բարեգործական ձեռնարկի մը մասնակցած է: Այս շրջանակին մէջ ան ստորագրած է 385 օրացոյց:
Հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am կ՛եզրափակէ ըսելով, որ այդ օրացոյցներուն վաճառքէն ստացուած ամբողջ հասոյթը փոխանցուած է «Տորթմունտի կարիքաւոր երեխաներ» ֆոնտին:
CATEGORIES Մարզական

