Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կը Սկսին «Ֆայնըլ-Էյթ»-ի Մրցումները

futsall1912Աւելի քան ամիս մը տեւած դադարէ ետք, այսօր կը վերսկսի Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութիւնը, երբ երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «ֆայնըլ-էյթ»-ի բացման մրցումին Սատաքա իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ֆայհա Թրիփոլին:

Վաղը, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Լիբանանեան բանակը Էմիլ Լահուտ մարզահամալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Սեն Ժոզեֆը, իսկ երեկոյեան ժամը 20:00-ին Ղըպէյրի` Շուէյֆաթը: Վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի օր, երբ երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Էմիլ Լահուտ մարզահամալիրին մէջ Պէյրութի դրամատունը պիտի մրցի «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ի դէմ:

Նշենք, որ «ֆայնըլ-ֆոր»-ի իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբերը:

 

Share this Article
CATEGORIES