Կրեկորիօ Փերես Կրնայ Գլխաւորել Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը
Իր լուրը քաղելով unoticias.com.uy կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ուրուկուէյցի մասնագէտ Կրեկորիօ Փերես կրնայ գլխաւորել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը:
Կը նշուի, որ եթէ անոր նշանակումը հաստատուի, ան իրեն օգնականներ պիտի ունենայ Խոսէ Էնրիքէ տէ լոս Սանթոսը եւ Տանիել Քուրպելոն:
Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Փերես գլխաւորած է Փենարիոլը (Ուրուկուէյ), Քալիարին (Իտալիա), Արխենթինոսը (Արժանթին), Օլիմփիան (Փարակուէյ) եւ այլ խումբեր:
Ուրուկուէյցի մասնագէտին վերջին յաջողութիւնը եղած է 2010-ին, երբ անոր գլխաւորած Լեպերթատը հանդիսացած է Փարակուէյի ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

