Ճատրակ. Ս. Ծննդեան Մրցաշարք. Ֆրերներու Մրցաշարքը Համախմբեց 76 Խաղացող
Կազմակերպութեամբ Ֆրերներու Ֆըրն Շըպպեքի ակումբին, հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ճատրակի Ս. Ծննդեան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 76 ճատրակ խաղացողներու:
Տեղի ունեցան հինգ դասակարգերու մրցումներ` հետեւեալ ձեւով. դասուած խաղացողներ` 20, չդասուածներ` 30, 16 տարեկանէն վար` 8, 12 տարեկանէն վար` 12 եւ 8 տարեկանէն վար` 6:
Զուիցերիական ոճով` 6 հանգրուանով տեղի ունեցած այս մրցաշարքին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Դասուածներ.- 5 կէտ ապահովելով առաջին դիրքը գրաւեց Մարուան Նասսար` գերազանցելով նոյնքան կէտ ապահոված Նեսիմ Սաքըրը, Անթուան Քասսիսը, Խալետ Շեհապը եւ Ատնան Խալիլը:
Չդասուածներ.- 1- Մոհամետ Զէյտան (4,5 կէտ), Սամահ Սելիմ (4) եւ Սամիր Պու Համտան (3,5):
16 տարեկանէն վար.- 1.- Ռալֆ Խէյրալլա, 2.- Եհիա Ֆարհաթ եւ 3.- Հատի Ֆարհաթ:
12 տարեկանէն վար.- 1.- Ժաուատ Ֆարհաթ, 2.- Համզա Մրատ եւ 3.- Մոհամետ Քապալան:
8 տարեկանէն վար.- 1.- Մարք Շարթունի, 2.- Ռայան Նաաման եւ Ռամի Շեհայեպ:
Մրցումներուն գլխաւոր իրաւարարն էր կազմակերպիչ ակումբի գլխաւոր պատասխանատու եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Էլի Խէյրալլա, որ իրեն օգնականներ ունէր Ժաք Պետրոսեանը, Էլիաս Ապու Ժաուտէն եւ Ամմար Հաթումը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութեան անդամներուն, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Նեպիլ Սըննոյի եւ մասնակցողներու ծնողներուն ու ընտանեկան պարագաներուն: