Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար 2014-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Պիտի Չմրցին Իրարու Դէմ

draw-1-1912Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ 28 նոյեմբերին զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ գտնուող «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հաւաքականները յայտնուեցան միեւնոյն` Դ. խմբակին մէջ, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ հետ միասին:

Այս Դ. խմբակին մրցումները տեղի պիտի ունենան 10-15 նոյեմբեր 2014-ին` Հունգարիոյ մէջ:

Սակայն երէկ, իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը նշեց, որ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է եւ Հայաստանի հաւաքականը տեղափոխուած է Թ. խմբակ ու իր փոխարէն Սլովաքիա տեղափոխուած է Դ. խմբակ:

Այս փոփոխութիւնը կատարուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հաւաքականներուն միջեւ տեղի ունենալիք բախումները կանխելու նպատակով:

Թ. խմբակին մէջ Հայաստանի հաւաքականին մրցակիցները պիտի ըլլան Իտալիա, Սերպիա եւ Սան Մարինօ: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Սերպիոյ մէջ` 10-15 նոյեմբեր 2014-ին:

Share this Article
CATEGORIES