Ո՞վ Պիտի Փրկէ Սուրիան
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերջերս ՄԱԿ-ը աշխարհի մամուլի էջերով ու նաեւ Ֆէյսպուքով հանրութեան սեփականութիւնը դարձուց Սուրիոյ ցարդ կրած վնասներուն մասին պաշտօնական վիճակագրական տուեալներ: Այդ ցանկին մէջ տեղ գրաւած էին այդ երկիրին մէջ ցարդ արձանագրուած զոհերու, զոհուածներու, ապաստանեալներու, գաղթականներու, առեւանգուածներու, սպաննուածներու, փլատակ շէնքերու եւ քաղաքներու ցուցակը:
Մէկ խօսքով, տխուր ու չարագուշակ թիւեր:
Կրկնութեան գնով կ՛ուզեմ ըսել, թէ բոլորիս համար ներկայիս աշխարհի վիճակը բնորոշելը բաւականին դժուար է: Հիմա ըսէ՛ք տեսնեմ, ինչպէ՞ս կրնանք բնորոշել Սուրիոյ ու մանաւա՛նդ հոն ապրող հայութեան վիճակը:
Աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս եւ յատկապէս հալէպահայութիւնը կը գտնուին ճակատագրական վտանգի մը առջեւ: Հոն մեր ազգակիցները ոչ միայն հայ ըլլալու եւ հայ մնալու դժուար ու ծանր փորձառութիւնը կ՛ապրին, այլ նոյնիսկ իբրեւ մարդ անհատ` գոյատեւելու, ապրելու եւ շնչելու:
Անօրինակ վիճակ. անսպասելի եւ քաոսային:
Իբրեւ նշեալ երկիրի նախկին քաղաքացի` կը հաւատամ, որ ինծի նման հազարաւորներ ալ այս իրավիճակով շատ մտահոգ են:
Յստակ է, թէ Սուրիան դարձած է 21-րդ դարու նոր ռազմադաշտը: Հոն միայն տառապանքն է, որ կայ, ներկայ է իր ամէնօրեայ զանազան գոյներով եւ տեսակաւոր ձեւերով եւ կը սպառնայ ամբողջ ժողովուրդի մը ֆիզիքական գոյութեան:
Մեր մամուլը միշտ յիշեցուցած է, թէ սուրիահայութիւնը տակաւին կը մնայ իբրեւ սփիւռքի մայր գաղութը: Անիկա, ինչպէս միշտ, տակաւին կառչած է իր ազգային գոյատեւման ազդակներուն եւ կը փորձէ կեանքի գնով իր ինքնութիւնը պահել ու իբրեւ մարդ եւ հայ մարդ` գոյատեւել:
Վկա՛յ այս նեղ ու տագնապալի կացութեան մէջ ամէն առիթով իր կազմակերպած ազգային, գեղարուեստական, կրօնական ու հրապարակային հանդիսութիւններն ու ձեռնարկները: Ասիկա ինքնին հաստատ փաստ մըն է, որ արիւնահեղութեան մէջ խեղդուող Սուրիոյ մէջ, պատիւ իրեն, տակաւին կայ, ունինք համբուրելի, օրինակելի ու ծափահարելի արժէքներ ունեցող հայ գաղութ մը, որուն հաստատ մնալը լոյսի չափ անհրաժեշտ է թէ՛ սփիւռքին եւ թէ՛ մեր հայրենիքին համար, հաւասարապէս:
Եթէ մէկ կողմէ իբրեւ հայ մտահոգ եմ մեր գաղութով, ինչպէս յիշեցի, միւս կողմէ ալ իբրեւ համեստ ու պարկեշտ նախկին քաղաքացի` մտահոգ եմ այդ երկրին ներկայի տխուր իրավիճակով: Այս պատճառով, միշտ ես ինծի հարց կու տամ. «Ո՞վ պիտի փրկէ Սուրիան եւ ե՞րբ»:
Թերեւս օր մը… թերեւս ժամանակը… Պատասխան մը չունիմ:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ը իր վիճակագրութիւններով կու գայ ահազանգելու, որ ներկայի իր այս ընթացքով շատ հաւանական է, որ այս երկիրէն շարունակեն հեռանալ աւելի քան չորս միլիոն քաղաքացիներ: Նոյն չափով ալ երկրէն ներս անժամանակ տեղաշարժ տեղի ունենայ, քաղաքացիներու աւելի ապահով երդիքի մը փնտռտուքի համար, եթէ նման բան գոյութիւն ունի:
Արդ, յստակ է, թէ այս պատերազմին իբրեւ արդիւնք, տակաւին միլիոնաւոր մարդիկ տարրական կամ կենսական կարիքներու ամէնօրեայ կարօտը ունին: Տակաւին լսելի է կանչերու, յոյսի, աղօթքներու անհամար ու երկար արձագանգը:
Ամէն օր` արեան պատմութիւն, զոհ: Ամէն շաբաթ` հայ կամ տեղացի նահատակ:
Հոն, այդ երկրին մէջ մարդիկ հաւատքի անուան տակ իրենց գիտցած «դրախտը» մուտք գործելու համար անմեղներ կը սպաննեն:
Օրը ցերեկով եւ աշխարհի աչքին առջեւ մարդիկ այդ երկրին խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը այրեցին, ու ոչ միայն երկիրը անանուն դարձուցին, այլ անոր հաւատքն ալ` անկրօն:
Աւելի՛ն. իբրեւ շեշտաւորուած իրականութիւն, մարդիկ սուտ հաւատքի զէնքերով եւ ատելութեամբ լեցուած, աջ ու ձախ ջարդեցին, կոտորեցին, այրեցին` ամէն վայրկեան վիշտ, ցաւ ու մահ պատճառելով եւ սփռելով: Այլ խօսքով, ժամանակի թելադրանքով յոռի բաներ շատ պատահեցան ու տակաւին կը շարունակուին:
Անոր համար հոն, մարդիկ, հացի ու լոյսի նման, խաղաղութիւն կը մուրան:
Տակաւին փողոցներու մէջ հազարաւոր ոճրագործներ հպարտանքով կը պտտին: Նոյն այդ մարդոց համար կարծէք Աստուած դարձած է պարզ արձան մը ու նետուած` ժամանակի թանգարանին մէջ: Կարծէք իրենց աղօթքն ալ դարձած է տեսակ մը թատրերգութիւն:
Վերջապէս, հոն, մահուան չափ եւ աւելի, կեանքն ալ ծանր ու դժուար է:
Ի՞նչ կը նշանակեն այս բոլորը:
Արդեօք կարելի՞ է պատկերացնել Սուրիա ապրող ժողովուրդին ներկայ անմարդկային հոգեվիճակը: Ամէն օր` մահ եւ տագնապ: Տագնապ` հացի, լոյսի, ջուրի եւ կեանքի: Երկիրը աննախընթաց աղէտի մէջ կ՛ապրի: Աղքատութիւն, չքաւորութիւն, անօթութիւն, ոճիրներ, ոճրագործներ, անօրէններ եւ սարսափ, անհատնում մահեր:
Այս բոլորը, կը կարծեմ, օր մը ծնունդ պիտի տան հիւանդութիւններու, նոր ու անօրինակ դժբախտութիւններու եւ նոյնիսկ` համաճարակի:
ՄԱԿ-ի կարծիքով, այս պատերազմ-աղէտը ոչ միայն Սուրիան քար ու քանդ ըրած է, այլեւ զայն նետած երրորդ կամ աղքատ երկիրներու կարգին:
Արդ, արդեօք համայն մարդկութիւնը ո՞ր օրուան կը սպասէ եւ ի՞նչ բանի կը սպասէ:
Արդեօք աշխարհը մինչեւ հիմա չէ՞ հասկցած այդ հսկայ երկրի տարածքին կատարուած ամէնօրեայ ոճիրներուն տարողութիւնը, սուրիացի ժողովուրդին ցաւին խորութիւնը, չէ՞ տեսած աւերակներու վերածուած քաղաքները եւ անոնց փլատակներուն տակ մնացած եւ անշնչացած անմեղ զոհերը:
Ուստի, անմարդկային այս արարքներուն ի տես, հարցումս տակաւին կը մնայ եւ չեմ գիտեր` որքա՜ն ատեն պիտի մնայ ամէնօրեայ մտածումներէս կախուած:
Ո՞վ պիտի փրկէ Սուրիան: Ե՞րբ:
Մեզի համար այս փրկութիւնը մեր ազգային շահերէն կը բխի: Սուրիոյ ներքին խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը նաեւ ապահովումն է երկար տասնամեակներէ ի վեր հոն կայք հաստատած, տուն-տեղ, եկեղեցի ու դպրոց եւ ակումբ շինած մեր գաղութին:
Այս վիճակով օր մը մեր այդ շէն գաղութը իր կեանքի ճամբուն ծայրը պիտի հասնի: Մինչեւ ե՞րբ պիտի տոկայ կամ կրնայ տոկալ: Գաղութը վտանգուած է ու դատապարտուած` աղէտի ու ոչնչացման: Հաւատացէ՛ք` իր աղէտը մերն ալ է: Մենք ալ վտանգուած ենք:
Ճիշդ է, որ ուրիշ շատ հարցեր մեզ ազգովին կը տանջեն, սակայն հոն, այդ տառապող երկրին մէջ չենք ուզեր եղածն ալ կորսնցնել: Չուծանալու համար հայ գաղութը պէտք է ամուր մնայ: Այդ հաստատ մնալը համայն հայութեան ճիտին պարտքը պէտք է ըլլայ:
Երկարեցաւ կռիւը, եւ սուրիացիին համար ուշացաւ յոյսը, լաւին սպասումը դարձաւ կարօտ եւ երազ: Չորցան ականջները, կուրցան աչքերը, եւ փողոցները դարձան անգթութեան ու վայրագութեան նոր թատերաբեմ:
Կարծէք նոյնիսկ երկինքին դարպասները փակուեցան այդ ժողովուրդի աղերսներուն առջեւ:
Նոր տարուան սեմին, իբրեւ ազգային պարտականութիւն, պարտաւորութիւն եւ գիտակցութիւն, մեզի կը մնայ մեր հարազատի ու ամոքողի ձեռքը, աչքը, գութը չհեռացնել այդ հրաշալի գաղութին վրայէն ու միշտ ու անսակարկ կատարել մեր խղճի պարտքը:
Որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, Սուրիան փրկուելով, իր կարգին, պիտի փրկուի նաեւ մերը, հարազատը` սուրիահայութիւնը:
Ո՞վ պիտի փրկէ Սուրիան, չեմ գիտեր, գոնէ մեր գաղութի փրկութեան մասին մտածենք:

