Կը Լսենք, Թէ…
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Մեր կրթական օճախները հետզհետէ կ՛ունենան աշակերտներու թիւի անկում: Քանի մը տարի առաջ մեր երկրորդական վարժարաններէն կը լսէինք, թէ ունին հազար եւ աւելի աշակերտներ: Տարի մը ետք այս թիւը կը հասնէր 700-ի: Տարի մը ետք 700-ը կ՛ըլլար 500: Յառաջիկային եթէ այս «կշռոյթով նուազին մեր վարժարաններուն աշակերտները, յետո՞յ…
Այս իրողութեան դիմաց կրնանք հարցում մը ուղղել: Ինչո՞ւ: Ո՞վ պիտի պատասխանէ մեր հարցումին:
Նոյն երեւոյթը կը հաստատենք նաեւ մանկապարտէզ-նախակրթարաններու մէջ: Կը գիտակցինք, թէ հայուն ծնունդները նուազած են, բայց ինչո՞ւ օտար վարժարանները լեցուած են հայ աշակերտներով: Ինչո՞ւ…
Կը լսենք, թէ Անթիլիասէն դէպի Ռապիէ եւ այս տարածքին գտնուող օտար խայտաբղէտ դպրոցները ունին հազար եւ շատ աւելի աշակերտներ, որոնց գրեթէ կէսը հայու զաւակներ են: Այդ դպրոցներուն դասարանները կը յորդին մինչեւ 40 հաշուող աշակերտներով: Նոյն ատեն այդ դասարանները ունին 6-7 բաժանմունք, իրենց լեզուով` սեքսիոն: Ա., Պէ., Սէ., Տէ., Էօ., Էֆ. եւ մինչեւ Ժէ. հաշուող դասարաններ:
Այս բաժանմունքները կը վերաբերին նախակրթարան-մանկապարտէզի: Երկրորդականի բաժանմունքներն ալ գոնէ ունին չորս բաժանմունք: Նախանձելի է, իսկ մեզի համար` ցաւալի:
Արդեօք մեղքը միայն օտարասիրութեա՞ն վերագրենք: Մեր կրթական պատասխանատուները հետաքրքրուա՞ծ են այս երեւոյթով, այցելա՞ծ են այդ ընտանիքներուն: Կը լսենք նոյն ատեն, թէ այդ ընտանիքներէն շատեր վշտացած են մեր վարժարաններուն մէջ տիրող կողմնակալական կեցուածքներէն, տեղ-տեղ անյարմար ուսուցիչներու ներկայութենէն, «Աչք գոցելու» անտարբերութենէն: Մենք ալ ունինք մեր թերութիւնները, յաճախ վերէն կը նայինք մէկուն, միւսին կու տանք գերադասութեան անարժան յարգանք: Դասարան խանգարող աշակերտները չենք ուղղեր ըստ մանկավարժական պահանջներու:
Մեր մշակութային կառոյցներուն մէջ եւս կը տիրէ կամայականութեան, ենթակայական տրամադրութիւններով շարժող պատասխանատուներ: Անուններ չենք ուզեր յիշել, կարեւոր չէ, բայց կարեւոր է բուժումի մասին մտածելը:
Արտասահմանէն ներածուած ուսուցիչները միշտ հրաշքներ չեն գործեր, մեր հայեացքները դարձնենք քիչ մը մեր «ներքին ուժերուն»:
Կայ նաեւ այլ կարեւոր հարց մը: Եթէ ունինք վաստակաշատ եւ օգտաշատ մանկավարժներ, ուսուցիչներ, 65 տարիքը նկատի առնենք` ըստ պետական օրէնքի: Նոյն ատեն կարելի է համաձայնութեան մը յանգիլ նոյն վաստակաշատին հետ, եթէ ան կը գտնուի առողջ եւ կենսունակ վիճակի մէջ, նոր պայմանագրութեամբ: Նոր ուժերը քաջալերենք, բայց անոնց շարքին տեղ տանք որակաւորներու, աշխատասէրներու եւ հայ մշակոյթով հետաքրքրուողներուն:
Եթէ կրթական նոր կառոյցներու պիտի ձեռնարկենք, ամէն բանէ առաջ հարկ է սրբագրել ուսումնական, ուսուցչական մակարդակներու եւ արժեւորումներու պարագային կիրարկուած սխալները, իրագործուած` գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար:
Տէրը ըլլանք մեր լեզուին եւ մշակոյթին: Եթէ այսօր չանդրադառնանք այս պղտոր պատկերին, վաղը ուշ կ՛ըլլայ…

