Երգահանդէս Ի Նպաստ Սուրիահայութեան
Շաբաթ, դեկտեմբեր 7, 2013 երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ շարականներու, հոգեւոր եւ հայրենասիրական երգերու երգահանդէս տեղի ունեցաւ ի նպաստ սուրիահայ ժողովուրդին: Երգահանդէսը տեղի ունեցաւ կատարողութեամբ Աստուածատուր ձայնով օժտուած եւ հոգեւոր երգերու մեկնաբան Սալբի Քէլէշեանի եւ մասնակցութեամբ Վրոյր Տէմիրճեանի: Երգահանդէսին ներկայ գտնուող ժողովուրդին թիւը աւելի քան հինգ հարիւր էր: Երգահանդէսը լաւապէս կազմակերպուած էր եւ անոր անշահախնդիր նպատակը` ժողովուրդին կողմէ մեծապէս գնահատուած: Հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրուեցաւ սուրիահայութեան:
Սարգիս Քէլէշեան բացման խօսքը կատարեց` ողջունելով ներկայ եւ քաջալեր հանդիսացող ժողովուրդը: Ան Հայ եկեղեցւոյ, հոգեւոր կեանքի եւ ազգային պատկանելիութեան կարեւորութեան մասին անդրադարձաւ եւ շեշտելով` ըսաւ, որ այս երկու սրբութիւններուն նկատմամբ յարատեւ կերպով մեր մէջ վառ պահենք հաւատքն ու հոգին: Աւարտին ան բեմ հրաւիրեց Սալբին եւՎրոյրը` երգահանդէսը առաջնորդելու համար: Նուագախումբը ղեկավարեց` Ժիլպերթ Յովսէփեան:
Տէրունական աղօթքէն առաջ մէկ վայրկեան լռութեամբ, բոլոր ներկաները յոտնկայս յարգեցին Հայաստանի դեկտեմբեր 7, 1988 թուականի աղէտալի երկրաշարժին նահատակուած բոլոր հայորդիներուն յիշատակը:
Երգահանդէսի ընթացքին սուրիահայութեան ներկայի դժուար եւ տխուր իրավիճակի մասին կարճ սահիկներու ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ,որ պատրաստուած էր Էլպիս Եարիճանեանի կողմէ:
Վրոյր Տեմիրճեան օրուան պատգամը փոխանցեց եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօրուան այս երգահանդէսին նպատակը շատ յստակ է: Աշխատանք մըն է, որուն մէջ աստուածահաճոյ եւ բարեսիրական վեհ նպատակ կայ: Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի հալէպահայ ժողովուրդը երկար տարիներ բարձր արժանապատուութեամբ տէր մարդիկ եղած են: Եղած են վեհանձն, աշխատասէր, շինարար եւ ստեղծագործ ժողովուրդ մը: Անցեալին անոնք միշտ բոլորին օգնութեան հասած են: Սակայն այսօր պարտադրուած քաղաքական վիճակներու պատճառով, մեր նիւթա-բարոյական օգնութեան կարիքն ունին: Անոնք օգնութիւն չեն խնդրեր մեզմէ, սակայն մենք քաջ գիտակցելով անոնց դժնդակ ու դժուար պայմաններուն, կ՛ուզենք օգնութեան հասնիլ, որովհետեւ մեր մէջ աստուածային սիրոյ սերմերը ցանուած են, եւ չենք կրնար մեր մէջ Աստուծոյ սէրը ունենալ եւ բարեգործութիւն չընել եւ չօգնել մեր նմանին»:
«Կիլիկիա» մաղթերքով եւ փակման աղօթքով երեկոյեան ժամը 8:00-ին վերջ գտաւ երգահանդէսը:

