ՊԷՏՔ Է ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ԳԵՐԻՆԵՐԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԻՒՆԸ

Նիստէն պահ մը

17 յունիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբին նիստը` յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ:

Քննարկուեցան 2011-ի առաջին կիսամեակին ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:

Յանձնախումբի անդամները նկատել տուին, որ գերիները հայրենիք վերադարձնելու հոլովոյթը դանդաղ կ՛ընթանայ, քանի որ ազրպէյճանական կողմը նոյնքան պատրաստակամութիւն եւ վճռականութիւն չի ցուցաբերեր: Անոնք նշեցին նաեւ, որ անհրաժեշտ է միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը հրաւիրել ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակի աշխատանքները սահմանափակելու իրողութեան վրայ եւ բարձրացնել գերիներն ու անյայտ կորսուածները հայրենիք վերադարձնելու աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES