ՆԱՊԻԼ ՇԱԱՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար, նախկին արտաքին գործոց նախարար Նապիլ Շաասը:
Ողջունելով հիւրը` արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ամէնէն ջերմ զգացումները կը տածեն արաբական ժողովուրդներուն եւ պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ, որոնց հետ Հայաստան ունի դարաւոր բարեկամութիւն եւ այսօր ալ Հայաստան ուժական յարաբերութիւններ կը զարգացնէ արաբական երկիրներուն հետ: «Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած անոր հազարաւոր զաւակները ապաստան գտան արաբական երկիրներուն մէջ», ըսաւ Էդուարդ Նալբանդեան:
Անդրադառնալով հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւններուն` Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի նախագահը` իբրեւ պետութեան ղեկավար առաջիններէն էր, որ տակաւին 2000 թուականին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ռամալլա եւ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարութեան հետ:
Նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն` յոյս յայտնելով, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող արմատական խնդիրները լուծուին ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման ճամբով եւ անոնց արդիւնքները նպաստեն ներազգային համերաշխութեան եւ կայունութեան հաստատման:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, ինչպէս` Միջին Արեւելքի խնդիրի լուծման ներկայ հանգրուանին եւ հեռանկարներուն: «Հայաստան աշխարհագրական առումով մօտ է Միջին Արեւելքի շրջանին եւ մեծապէս կարեւոր կը նկատէ այնտեղ յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը: Այս առումով մենք կ՛ողջունենք այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են ներկայ խնդիրներու արդարացի եւ կողմերուն համար ընդունելի փոխադարձ զիջումային լուծման»,ընդգծեց Էդուարդ Նալբանդեան:
Նապիլ Շաաս ներկայացուց այս տարուան սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ Պաղեստինի անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ նախատեսուող քուէարկութեան ընդառաջ տեղի ունեցող գործողութիւնները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքի խնդիրի լուծման վերաբերող հարցերուն մէջ Հայաստան մշտապէս հաւասարակշռուած դիրքորոշում ցուցաբերած է: Պաղեստինեան պատուիրակութիւնը Հայաստանի աջակցութիւնը խնդրեց Պաղեստինի անկախութեան հռչակման հոլովոյթին մէջ:


