ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ` քննարկելով շրջանին իրավիճակը:
Հայաստանի եւ Իրանի նախագահները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութեան աշխուժացման վերաբերող հարցեր, անդրադարձան շրջանային զարգացումներուն եւ փոխադարձ գործակցութեան: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցաւ իրանական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Ահմատինեժատ կիրակի օր հեռաձայնեց նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Ազրպէյճանի նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու, շրջանային անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շուրջ:
CATEGORIES Հայկական