ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀՐԱՒԷՐՈՎ

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները յառաջիկայ ուրբաթ օր պիտի այցելեն Քազան, ուր Ռուսիոյ նախագահին հետ պիտի քննարկեն ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը:

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը նշէ, որ նախագահներուն Քազան այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով:

 

Share this Article
CATEGORIES