Ֆրանսայէն Իսրայէլ Գաղթող Հրեաներուն Թիւը Մեծ Աճ Արձանագրած Է

Israel2012Իսրայէլի գաղթականներու հիւրընկալման նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայէն Իսրայէլ գաղթած հրեաներուն թիւը 2013-ին կրնայ 50 առ հարիւրի աճ մը արձանագրել: Ըստ նախարարութեան թիւերուն, շուրջ 3 հազար հրեաներ պիտի գան Իսրայէլի մէջ հաստատուելու: 2012-ին այդ թիւը 1923 էր:

2012-ին Ֆրանսայէն Իսրայէլ գաղթած հրեաներուն թիւը չնչին անկում մը արձանագրած էր, հակառակ Թուլուզի մէջ հրէական դպրոցի մը առջեւ տեղի ունեցած ջարդին ու Ֆրանսայի հրէական համայնքը թիրախ դարձուցած կարգ մը դէպքերու:

Աշխարհի տարածքէն տարեկան 15-20 հազար հրեայ ներգաղթողներ Իսրայէլ կու գան: Անոնցմէ աւելի քան հինգ հազարը կու գան Ռուսիայէն եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն, շուրջ երեք հազարը Միացեալ Նահանգներէն եւ շուրջ երկու հազարը` Ֆրանսայէն:

Ֆրանսայի մէջ հրեայ համայնքին թիւը, ըստ տարբեր գնահատումներու, 350-500 հազար է, ինչ որ զայն Եւրոպայի մէջ մեծագոյն հրէական համայնքին կը վերածէ:

 

Share this Article
CATEGORIES