Վրաստանի Նախագահը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Կէորկի Մարկվելաշվիլի

Կէորկի Մարկվելաշվիլի

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Ազրպէյճան:

Այցելութեան ընթացքին կ՛ակնկալուի, որ երկկողմ եւ շրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ քննարկումներ կատարուին:

Օրեր առաջ Ազրպէյճան այցելած էր Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի, որ հանդիպում ունեցած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Յիշեցնենք, որ Վրաստանի նախագահական ընտրութիւնը տեղի ունեցած էր 27 հոկտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES