Փութինի Ներման Հրամանագիրով Խոտորքովսքի Ազատ Արձակուեցաւ

Միխայիլ Խոտորքովսքի

Միխայիլ Խոտորքովսքի

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ստորագրեց քարիւղի մարզի նախկին մեծահարուստ Միխայիլ Խոտորքովսքիին ներում շնորհելու մասին հրամանագիրը, որ ուժի մէջ մտաւ իր ստորագրման պահուն:

Ռուսական ԵՈՒՔՈՍ քարիւղի ընկերութեան նախկին նախագահ Խոտորքովսքի 10 տարուան բանտարկութեան վճիռ ստացած էր, անոր գործը կը նկատուէր Ռուսիոյ մէջ մեծագոյն հնչեղութիւնը ունեցող դատական գործերէն մէկը:

Մէկ օր առաջ տրուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փութին յայտարարած էր, որ ներման խնդրագիր ստացած է Խոտորքովսքիէն: Ան մասնաւորաբար ըսած էր, որ իր խնդրագիրին մէջ Խոտորքովսքի «կը հիմնուի մարդասիրական բնոյթի հանգամանքներու վրայ. անոր մայրը հիւանդ է»:

Ռուսիոյ նախագահը ընդգծած էր, որ ներում ստանալու համար Խոտորքովսքի օրէնսդրութեան համաձայն պէտք է համապատասխան խնդրագիր ներկայացնէր:

«Ան ատիկա չէր ըներ, սակայն այժմ` վերջերս, ան գրած է նման բան եւ դիմած ինծի` ներում շնորհելու համար», նշած էր Փութին:

Խոտորքովսքիի ներման շնորհումը կ՛իյնայ 20 հազար բանտարկեալներու համաներման ծիրին մէջ: Ան 2010-ին բանտարկուած էր քարիւղ գողնալու եւ դրամ լուալու յանցանքով:

 

Share this Article
CATEGORIES