«Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Ուժի Մէջ Պիտի Չմտնեն» Կը Յայտարարէ Սպիտակ Տունը

Ճէյ Քառնի
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի նշեց, որ հինգշաբթի օր Ծերակոյտին ներկայացուած այն օրինագիծը, որ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ կը նախատեսէ, պէտք չէ ընդունուի:
Յիշեցնենք, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ տեղի ունեցած բանակցութեանց ընթացքին Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ ժամանակաւոր համաձայնութիւն գոյացած էր նոյեմբերին:
Քառնի յայտնեց, որ Սպիտակ տունը Քոնկրեսին հետ միասին կրնայ նոր պատժամիջոցներ կիրարկել, եթէ Իրան չկատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Ան զգուշացուց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «վեթօ» պիտի օգտագործէ, եթէ Քոնկրեսը Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատման ի նպաստ քուէարկէ:
«Եթէ պատժամիջոցները հաստատուին, ապա նախագահը վեթօ պիտի օգտագործէ», ընդգծեց Քառնի` աւելցնելով, որ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելը կը խանգարէ Թեհրանի հիւլէական զէնք արտադրելը արգիլելու դիւանագիտական ջանքերը:
Ան ըսաւ, որ պատժամիջոցները արագ կերպով կարելի է պարտադրել, եթէ համաձայնութիւն գոյացնելու ջանքերը ձախողին: Աւելի՛ն, «ներկայ ժամանակը չենք կարծեր, որ յարմար է, որ Քոնկրեսը որեւէ նոր պատժամիջոց հաստատէ: Դիւանագիտական լուծման առիթները խանգարող որեւէ արարքէ ետ կենալը շատ կարեւոր է»:

